Միջազգային

«Ուքրանիան Պէտք Է Խոհեմանայ Եւ Ողջմիտ  Ուղեգիծ Որդեգրէ, Որովհետեւ  Զինուորական Լուծումը Անկարելի Է»  Կ՛ըսէ Մերքել

«Ուքրանիան Պէտք Է Խոհեմանայ Եւ Ողջմիտ Ուղեգիծ Որդեգրէ, Որովհետեւ Զինուորական Լուծումը Անկարելի Է» Կ՛ըսէ Մերքել

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Ուքրանիան յորդորեց «խոհեմանալու եւ խելացի մօտեցում ցուցաբերելու» Սեւ ծովու ռուսական ջուրեր մուտք գործած իր երեք նաւերու գրաւման հարցին նկատմամբ: «Այդ հարցը պիտի լուծուի միայն երկխօսութեան ճամբով», ընդգծեց ան: Մերքել Պերլինի մէջ Գերմանական-ուքրանական 3-րդ համախմբումին ընթացքին յայտնեց. «Մտադիր եմ այս հարցը Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ընթացքին քննարկել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Այդ հարցով պիտի զբաղինք, սակայն, ուքրանական...

Ուքրանիա Մտադիր Է Միջազգային Ընտանիքին  Դիմելու` Պոսֆորի Նեղուցը Ռուսական  Նաւերուն Դիմաց Փակելու Հարցով

Ուքրանիա Մտադիր Է Միջազգային Ընտանիքին Դիմելու` Պոսֆորի Նեղուցը Ռուսական Նաւերուն Դիմաց Փակելու Հարցով

Ուքրանիոյ իշխանութիւնները մտադիր են միջազգային ընտանիքին դիմելու` Պոսֆորի նեղուցը ռուսական նաւերուն դիմաց փակելու հարցով: Ուքրանական ԵՈՒՆԻԱՆ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ ծովուժի հրամանատար Իկոր Վորոնչենքօ: «Ես` իբրեւ ծովուժի հրամանատար, կը խնդրեմ եւ վստահութիւն կը յայտնեմ, որ միջազգային ընտանիքը, ամէն պարագայի, պիտի ընդունի այն որոշումը, որ Ուքրանիոյ պետութեան դէմ յարձակում գործուած է», ըսած է Վորոնչենքօ: Պոսֆորի...

Սէուտական Արաբիան Ուաշինկթընէն  15 Միլիառ Տոլարի «Թհաատ» Համակարգեր  Գնելու Համաձայնագիր Ստորագրած Է

Սէուտական Արաբիան Ուաշինկթընէն 15 Միլիառ Տոլարի «Թհաատ» Համակարգեր Գնելու Համաձայնագիր Ստորագրած Է

Սէուտական Արաբիան 15 միլիառ տոլար արժողութեան ամերիկեան «ԹՀԱԱՏ» հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգեր գնելու վերաբերեալ համաձայնագիր ստորագրած է Միացեալ Նահանգներու հետ: Այս մասին ԹԱՍՍ-ին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը: Կողմերը վերջնական համաձայնագիրը ստորագրած են 26 նոյեմբերին, սակայն այդ մասին յայտնի դարձած է միայն հիմա: «26 նոյեմբերին Սէուտական Արաբիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարները ստորագրած են միջկառավարական համաձայնագիր, որ կը սահմանէ...

Սիմֆերոփոլի Դատարանը Որոշեց 2 Ամիսով  Կալանաւորել Ուքրանացի 12 Նաւաստիներ

Սիմֆերոփոլի Դատարանը Որոշեց 2 Ամիսով Կալանաւորել Ուքրանացի 12 Նաւաստիներ

Խրիմի մայրաքաղաք Սիմֆերոփոլի դատարանը երէկ որոշեց երկու ամիսով կալանաւորել ուքրանացի 12 նաւաստիներ: Անոնք կը մեղադրուին Ռուսիոյ ծովային սահմանը անօրինաբար կտրելու, Ռուսիոյ ջրային տարածք մուտք գործելու յանցանքով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Անցեալ կիրակի Քերչի նեղուցին մէջ ռուսական ուժերը ուքրանական երեք նաւ գրաւած էին ու ձերբակալած անոնց վրայ գտնուող 24 նաւաստիները: Ռուսական սահմանապահ նաւերու կրակոցներուն պատճառով վիրաւորուած էին ուքրանացի...

Թրամփ Քերչի Նեղուցի Միջադէպին  Պատճառով Կրնայ Ջնջել  Փութինի Հետ Իր Հանդիպումը

Թրամփ Քերչի Նեղուցի Միջադէպին Պատճառով Կրնայ Ջնջել Փութինի Հետ Իր Հանդիպումը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ Քերչի նեղուցին մէջ տիրող կացութեան պատճառով կրնայ ջնջել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումը, որ նախատեսուած է Արժանթինի մէջ տեղի ունենալիք Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ: Միացեալ Նահանգներու նախագահը ընդգծեց, որ կը սպասէ միջադէպին վերաբերեալ «լիարժէք զեկուցումին», որ պէտք է ներկայացնէ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով...

Թուրքիոյ Ազգային Անվտանգութեան  Խորհուրդը Կը Յայտարարէ.  Թրքական Բանակը Սուրիոյ Հիւսիսային  Շրջանին Մէջ Պիտի Օգտագործէ  «Ինքնապաշտպանութեան Իր Իրաւունքը»

Թուրքիոյ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդը Կը Յայտարարէ. Թրքական Բանակը Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջանին Մէջ Պիտի Օգտագործէ «Ինքնապաշտպանութեան Իր Իրաւունքը»

Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան խորհուրդը նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ գումարած իր նիստէն ետք հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշած է, թէ թրքական զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ պիտի օգտագործեն «ինքնապաշտպանութեան իրենց իրաւունքը»` անպատասխան չձգելով քիւրտ զինեալներու կողմէ որեւէ գործողութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ հարաւային սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներուն եւ անոնց...

Սէուտական Արաբիոյ Քարիւղի Արտադրումը Գերազանցած Է Օրական 11 Միլիոն Տակառը

Սէուտական Արաբիոյ Քարիւղի Արտադրումը Գերազանցած Է Օրական 11 Միլիոն Տակառը

Սէուտական Արաբիոյ մէջ քարիւղի արտադրութիւնը նոր մրցանիշ արձանագրած է. երկիրը կ՛արտադրէ օրական 11,2 միլիոն տակառ քարիւղ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այդ մասին գրած է «Պլումպըրկ»-ը` վկայակոչելով կացութեան ծանօթ աղբիւր մը: Հոկտեմբերին Սէուտական Արաբիոյ մէջ քարիւղի արտադրութիւնը օրական 10,8-10,9 միլիոն տակառ էր: «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ հոկտեմբերին Սէուտական Արաբիոյ մէջ քարիւղի արտադրութիւնը աճած է` ի պատասխան պահանջներուն աւելի բարձր...

Մինչ Ուաշինկթըն Փութինին  Եւ Փորոշենքոյին Կոչ Կ՛ուղղէ Բանակցելու.  Փութին «Խոր Մտահոգութիւն» Կը Յայտնէ  Ուքրանիոյ Մէջ Զինուորական  Դրութեան Հաստատման Նկատմամբ

Մինչ Ուաշինկթըն Փութինին Եւ Փորոշենքոյին Կոչ Կ՛ուղղէ Բանակցելու. Փութին «Խոր Մտահոգութիւն» Կը Յայտնէ Ուքրանիոյ Մէջ Զինուորական Դրութեան Հաստատման Նկատմամբ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին եւ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքոյին կոչ ուղղեց` 25 նոյեմբերին Ազովի ծովուն մէջ ռուսական եւ ուքրանական նաւերու միջեւ տեղի ունեցած միջադէպին հարցով ուղիղ բանակցութիւններու սկսելու: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Կողմերը պէտք է զսպուածութիւն ցուցաբերեն եւ պահպանեն իրենց ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններն ու յանձնառութիւնները»: «Նախագահներ Փորոշենքոյին ու...

«Մոհամետ Պըն Սալման Էրտողանէն Խնդրեց  Արժանթինի Մէջ Հանդիպում Ունենալ»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Մոհամետ Պըն Սալման Էրտողանէն Խնդրեց Արժանթինի Մէջ Հանդիպում Ունենալ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ իր երկիրը չի հաւատար, թէ սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանուածները իրենց ոճիրը գործած են ինքնագլուխ` շեշտելով, որ Թուրքիա այդ առնչութեամբ փաստեր ունի: Չաւուշօղլու գերմանական «Սուտէօչէ Ցայթունկ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն...

«Ծերակոյտը Պիտի Քննարկէ Աւելցնել  Պըն Սալմանը Թիրախ Դարձնող Նոր Օրէնք Մը»  Կ՛ըսէ Քորքըր

«Ծերակոյտը Պիտի Քննարկէ Աւելցնել Պըն Սալմանը Թիրախ Դարձնող Նոր Օրէնք Մը» Կ՛ըսէ Քորքըր

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Պոպ Քորքըր յայտնեց, որ այսօր Ծերակոյտին մէջ Սէուտական Արաբիոյ շուրջ լսումներ տեղի պիտի ունենան` աւելցնելով, որ յանձնախումբի անդամները կը քննարկեն Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը թիրախ դարձնող նոր օրինագիծ մը աւելցնել: Ան յայտնեց, որ «բարեփոխումներ» կատարած է ամերիկեան վարչակազմին յղուելիք այն դիմումին վրայ, որ կը պահանջէ հետաքննել, թէ  պըն Սալմանի կողմէ...

«Բրիտանիոյ Եւ Եւրոպական Միութեան  Ապահարզանը Կրնայ Վնասել Ուաշինկթընի  Եւ Լոնտոնի Միջեւ Առեւտուրին»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Բրիտանիոյ Եւ Եւրոպական Միութեան Ապահարզանը Կրնայ Վնասել Ուաշինկթընի Եւ Լոնտոնի Միջեւ Առեւտուրին» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ չ՛ախորժիր այն բանէն, որ տեղի կ՛ունենայ Քերչի նեղուցին մէջ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Թրամփ նշած է, որ Ազովի ծովուն մէջ խնդիրը լուծելու նպատակով Միացեալ Նահանգներ կ՛աշխատին եւրոպացի ղեկավարներու հետ: Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ անդրադարձած է Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն վերաբերեալ «Պրեքզիթ»-ի համաձայնագիրին: «Եւրոպական Միութեան...

Թուրքիոյ Մէջ Ելեւմտական Խնդիրներու  Պատճառով Շուրջ 120 Առեւտրական Մեծ Կեդրոններ  Կրնան Գրաւուիլ Դրամատուներուն Կողմէ

Թուրքիոյ Մէջ Ելեւմտական Խնդիրներու Պատճառով Շուրջ 120 Առեւտրական Մեծ Կեդրոններ Կրնան Գրաւուիլ Դրամատուներուն Կողմէ

Թուրքիոյ մէջ ելեւմտական խնդիրներու պատճառով շուրջ 120 առեւտրական մեծ կեդրոն կրնայ անցնիլ վարկատու դրամատուներուն ձեռքը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը: Հարցն այն է, որ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` առեւտրական կեդրոններուն մէջ տարածքի վարձակալութեան պայմանագիրները միայն թրքական լիրայով կնքելու նախաձեռնութիւնը մեծ հարուած հասցուցած է առեւտուրի կեդրոններու տէրերուն, որոնք ամերիկեան տոլարին դիմաց բաւական արժեզրկուած լիրայով գործարքներ կատարելու ընթացքին կրած են...

Ըստ «Ենի Շաֆաք»-ի.  Տահլան Լիբանանէն Եկած Խումբի Մը  Ճամբով Մեղսակից Եղած Է  Խաշոկճիի Սպանութեան

Ըստ «Ենի Շաֆաք»-ի. Տահլան Լիբանանէն Եկած Խումբի Մը Ճամբով Մեղսակից Եղած Է Խաշոկճիի Սպանութեան

Թրքական իշխանամէտ «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը հաղորդեց, որ պաղեստինեան Ֆաթհ շարժումէն պաշտօնազրկուած ղեկավար, Ապու Տապիի գահաժառանգ Մոհամետ պըն Զայէտի մօտիկ եղող Մոհամետ Տահլան սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան մեղսակից եղած է: «Տահլանի առնչուած խումբ մը սպանութեան ոճիրէն մէկ օր առաջ Լիբանանէն հասած է Թուրքիա», նշեց օրաթերթը: Ըստ «Ենի Շաֆաք»-ի, չորս անձերէ կազմուած նշեալ խումբը Պոլսոյ մէջ սէուտական հիւպատոսարան մուտք գործած է...

Ըստ Իսրայէլեան Կայքի Մը.  Իսրայէլի Տնտեսութեան Նախարարը  Հրաւիրուած Է Պահրէյն

Ըստ Իսրայէլեան Կայքի Մը. Իսրայէլի Տնտեսութեան Նախարարը Հրաւիրուած Է Պահրէյն

Իսրայէլեան «Մաքան» կայքը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի տնտեսութեան նախարար Էլի Քոհեն Պահրէյնէն ստացած է պաշտօնական հրաւէր մը յառաջիկայ ապրիլի կիսուն այցելելու Պահրէյն` մասնակցելու համար Միջազգային դրամատան կողմէ կազմակերպուած ճարտարագիտութեան եւ նորարարութեան ոլորտի միջազգային խորհրդաժողովի մը: Կայքը կը նշէ, որ խորհրդաժողովը պիտի գումարուի նախարարական մակարդակով` քննարկելու համար ճարտարագիտութեան եւ նորարարութեան ոլորտներուն մէջ յառաջադէմ «սթարթ ափ» երկիրներու ձեռքբերումները: Մինչ այդ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ,...

Ռումանիոյ Վարչապետը Կը Պնդէ,  Թէ Իր Երկիրը Պատրաստ Է Ստանձնելու  Եւրոպական Միութեան Նախագահութիւնը

Ռումանիոյ Վարչապետը Կը Պնդէ, Թէ Իր Երկիրը Պատրաստ Է Ստանձնելու Եւրոպական Միութեան Նախագահութիւնը

Ռումանիոյ վարչապետը մերժած է Եւրոպական Միութեան քննադատութիւնը, որ երկիրը չի կատարեր ժողովրդավարական բարեփոխումներ, եւ պնդած է, որ Պուքրեշը պատրաստ է յաջորդ տարի ստանձնելու Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը: Վիորիքա Տենչիլէ զեկուցումը անուանած է «շատ անարդարացի» եւ քաղաքական դրդապատճառներ ունեցող: Նախագահ Քլաուս Եոհաննիս յայտարարած էր, որ ռումանական կառավարութիւնը պատրաստ չէ ստանձնելու Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը, եւ պահանջած էր կառավարութեան հրաժարականը: Այդ յայտարարութիւնը, սակայն, մերժուեցաւ...

Թուրք-Իրանեան Սահմանին Վրայ  Թրքական Զօրամաս Մը Հրթիռակոծուած Է

Թուրք-Իրանեան Սահմանին Վրայ Թրքական Զօրամաս Մը Հրթիռակոծուած Է

Թուրք-իրանեան սահմանային Իգդիր նահանգին մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալները թրքական զօրամաս մը հրթիռակոծած են: «Արմէնփրես» կը նշէ, թէ այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ը: Հրթիռակոծումէն ետք ՔԱԿ-ի զինեալներուն եւ թուրք զինուորներուն միջեւ հրացանաձգութիւն տեղի ունեցած է: Բախումին պատճառով վիրաւորուած է թուրք զինուոր մը: Թրքական զինեալ ուժերը ձեռնարկած են յատուկ գործողութիւններու` ՔԱԿ-ի զինեալները բացայայտելու եւ ձերբակալելու համար:

Իրանը Հարուածած Երկրաշարժի  Զոհերուն Թիւը Կը Բարձրանայ

Իրանը Հարուածած Երկրաշարժի Զոհերուն Թիւը Կը Բարձրանայ

Իրանի արեւմտեան Քերմանշահ նահանգին մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին պատճառով արձանագրուած զոհերուն թիւը գերազանցած է 716-ը: Երկրաշարժը զգացուած է իրանեան առնուազն 7 շրջաններու մէջ, ինչպէս նաեւ Իրաքի, Քուէյթի եւ Ազրպէյճանի մէջ: Իրաքի Սուլէյմանիէ շրջանին մէջ արձանագրուած է 2 զոհ եւ 52 վիրաւոր: 6,3 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժին կեդրոնը կը գտնուէր Իրաքի սահմանամերձ հիւսիսարեւմտեան Իլամ քաղաքէն 114 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ եւ 65 քիլոմեթր...

Թուրքիան Մտահոգ Է Քերչի Նեղուցին Մէջ  Տեղի Ունեցած Միջադէպին Առնչութեամբ

Թուրքիան Մտահոգ Է Քերչի Նեղուցին Մէջ Տեղի Ունեցած Միջադէպին Առնչութեամբ

Անգարա մտահոգ է Ազովի ծովուն մէջ տեղի ունեցած միջադէպին առնչութեամբ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, Թուրքիան կը հետեւի Ազովի ծովուն եւ Քերչի նեղուցին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն ու աճող լարուածութեան: «Մենք մտահոգ ենք այս հատուածին մէջ ուքրանական նաւերուն ուղղութեամբ բացուած կրակին եւ միջադէպին պատճառով վիրաւորներու գոյութեան մասին...

Հալէպի Մէջ Շարք Մը Թաղամասեր Քիմիական  Զէնքով Ռմբակոծումի Ենթարկուեցան

Հալէպի Մէջ Շարք Մը Թաղամասեր Քիմիական Զէնքով Ռմբակոծումի Ենթարկուեցան

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Հալէպի կարգ մը թաղամասերու` թունաւոր կազեր պարունակող հրթիռներով ռմբակոծելէն ետք, ռուս քիմիագէտ զինուորներ հասած են Հալէպ: Շաբաթ օր Հալէպը ռմբակոծուած էր ահաբեկիչներու կողմէ: Ռմբակոծման ենթարկուած էին զինեալ խմբաւորումներու հետ սուրիական բանակի շփման գիծին մօտ գտնուող թաղամասերը: «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդած էր, որ քլոր պարունակող հրթիռներով ռմբակոծման պատճառով վիրաւորուած են աւելի քան 100 անձեր, ներառեալ` կիներ եւ...

Եւրոպական Միութիւնը Որդեգրեց  «Պրեքզիթ»-ի Վերաբերեալ Համաձայնագիրը

Եւրոպական Միութիւնը Որդեգրեց «Պրեքզիթ»-ի Վերաբերեալ Համաձայնագիրը

Եւրոպական Միութեան անդամ 27 երկիրներու ղեկավարները որդեգրեցին Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու վերաբերեալ համաձայնագիրը: Այս մասին երէկ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք: «Եւրոպական Միութեան 27 անդամ պետութիւնները որդեգրեցին Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան կազմէն դուրս գալու համաձայնագիրը եւ Եւրոպական Միութիւն-Բրիտանիա յարաբերութիւններու ապագային վերաբերեալ Քաղաքական հռչակագիրը», գրեց ան: Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքեր իր կարգին ըսաւ. «Ասիկա բոլոր հաւանական...

Page 562 of 884 1 … 561 562 563 … 884

Արխիւներ