94 տարեկանին կեանքէն հեռացաւ Միացեալ Նահանգներու 41-րդ նախագահ Ճորճ Պուշ: Այդ մասին իր բանբերին ճամբով յայտարարեց անոր որդին` Միացեալ Նահանգներու 43-րդ նախագահ Ճորճ Պուշ կրտսերը:
Ճորճ Հըրպըրթ Ուոքըր Պուշ Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնը վարեց 1989-1992 թուականներուն: Մինչեւ Սպիտակ տան ղեկավարի պաշտօնը ստանձնելը, ան վարած է երկրի փոխնախագահի, ինչպէս նաեւ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնի պաշտօնները:
Պուշի նախագահութեան տարիներուն փուլ եկաւ Խորհրդային Միութիւնը, ինչպէս նաեւ Քուէյթի` իրաքեան բռնագրաւումէն ազատագրման նպատակով շղթայազերծուեցաւ «Անապատի փոթորիկ» զինուորական գործողութիւնը:



