Քաթար կը պատրաստուի դուրս գալ քարիւղ արտադրող երկիրներու կազմակերպութենէն` ՕՓԵՔ-էն: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտարարած է երկրի ուժանիւթի նախարար Սաատ Շարիտա Քաապին:
Նախարարը ընդգծեց, որ ՕՓԵՔ-էն կը հեռանայ թեքնիք ու ռազմավարական պատճառներով եւ ոչ թէ քաղաքական:
Քաթար 1 յունուար 2019-էն սկսեալ պիտի դադրի ՕՓԵՔ-ի անդամ ըլլալէ: Փոխարէնը երկիրը կ՛ուզէ կեդրոնանալ կազի եւ թերթաքարային բնական կազի արտադրութեան վրայ:
ՕՓԵՔ-ը քարիւղի գիներու կայունացման նպատակով քարիւղ արտադրող երկիրներուն կողմէ ստեղծուած միջազգային միջկառավարական կազմակերպութիւն մըն է, որուն կ՛անդամակցին 15 երկիրներ` Իրան, Իրաք, Քուէյթ, Սէուտական Արաբիա, Քաթար, Վենեզուելա, Լիպիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Ալճերիա, Նիկերիա, Էքուատոր, Անկոլա, Հասարակածային Կինէ, Կապոն, Քոնկօ:
Կազմակերպութեան կեդրոնատեղին կը գտնուի Վիեննայի մէջ:



