Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրիւքսելի Մէջ Փոմփէոյի Հետ «Հրատապ» Հանդիպումի Ընթացքին. «Դադրեցուցէ՛ք Հըզպալլայի Գործունէութիւնը, Այլապէս Մենք Պիտի Դադրեցնենք» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

December 5, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Պրիւքսելի մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հանդիպումին ընթացքին նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ իրենց աջակցութիւնը կը յայտնեն իսրայէլեան կողմի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթը:

«Արտաքին գործոց նախարարը յատուկ կերպով ընդգծած է Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան ապահովման գործին Միացեալ Նահանգներու կողմնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան եւ յարձակումներէն պաշտպանուելու բացարձակ իրաւունքը», կ՛ըսուի Նոուըրթի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Փոմփէօ նաեւ ընդգծած է Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ դաշինքի ուժն ու բազմակողմանի համագործակցութիւնը: Բացի ատկէ, ան հաստատած է, որ Միացեալ Նահանգներ մտադիր են դիմակայել «իրանեան վարչակարգի ամբողջատիրութիւնը` առաւելագոյն ճնշումի միջոցով»:

Լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ Նեթանիահու ամերիկեան կողմին ուղղած է հետեւեալ պատգամը. «Դադրեցուցէ՛ք Հըզպալլայի գործունէութիւնը, այլապէս Իսրայէլ ինք պիտի նախաձեռնէ զայն դադրեցնելու»:

Իսրայէլեան կողմի «հրատապ եւ անմիջական» որակուած հանդիպումէն առաջ եւ ետք հնչած են իսրայէլեան նոյնպիսի կեցուածքներ եւ յայտարարութիւններ, որոնք երկու ամիս առաջ Ֆրանսայի ճամբով փոխանցուած են Պէյրութին` զինուորական յարձակումով սպառնալով Լիբանանի, եթէ լիբանանեան կառավարութիւնը դէմ չդնէ Հըզպալլային եւ արգելք չհանդիսանայ անոր զինուորական կարողականութեան աճին:

 

Նախորդը

«Սէուտական Արաբիան Արաբական Թերակղզիին Մէջ Այլ Հըզպալլայի Մը Յայտնուիլը Պիտի Չարտօնէ» Կ՛ըսէ Խալետ Պըն Սալման

Յաջորդը

«Ծոցի Երկիրները Պիտի Չկարենան Քարիւղ Արտածել, Եթէ Իրանը Չկարենայ Զայն Արտածել» Կ՛ըսէ Ռուհանի

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.