Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճէյմզ Ճեֆրի յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար Հալէպ քաղաքին դէմ քիմիական զէնքով յարձակում կատարուած ըլլալը հաստատել եւ կը սպասեն դէպքին շուրջ յաւելեալ տեղեկութիւններու:
«Անցեալ շաբաթ Իտլիպի մէջ ահաբեկիչներու կողմէ քիմիական զէնքի ենթադրեալ օգտագործման վերաբերեալ մէկ դէպք տեղի ունեցած է, եւ ռուսերը ռմբակոծած են: Կ՛ուզեմ վստահեցնել, որ չենք կրնար այդ դէպքին մէջ քիմիական որեւէ նիւթի օգտագործումը հաստատել: Կը փորձենք կարելի եղածին չափ արագ յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալ»:
Հալէպի ոստիկանապետ հազարապետ-զօրավար Իսամ Շալլի նախապէս յայտարարած էր, թէ ահաբեկչական խմբաւորումները շաբաթ գիշեր թունաւոր կազեր պարունակող հրթիռներով ռմբակոծած են Հալէպի Խալիտիա, Նիլ եւ Ժամհիաթ Զահրա թաղամասերը, ինչ որ պատճառ դարձած է, որ քաղաքայինները շնչառութեան դժուարութիւն ունենան եւ դարմանումի համար հիւանդանոց փոխադրուին:



