Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի 39-րդ վեհաժողովի ընթացքին վերահաստատեց արաբական երկիրներու ներքին հարցերուն միջամտելու եւ անոնց կայունութիւնը վտանգելու մասին Իրանի հասցէին իր երկրին կատարած ամբաստանութիւնները:
Թագաւորը իր նախանձախնդրութիւնը յայտնեց Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի պահպանման նկատմամբ` նշելով այդ խորհուրդին դերակատարութիւնը անդամ երկիրներու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը, կայունութիւնն եւ զարգացումը ապահովելուն մէջ:
Սալման թագաւորը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց պաղեստինցի ժողովուրդը պաշտպանելու իսրայէլեան սադրանքներէն` ընդգծելով, որ Պաղեստինեան դատը կը շարունակէ մնալ կեդրոնական հարց:
Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը կոչ ուղղեց սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման, ինչ որ կը նպաստէ կազմելու փոխանցման կառավարութիւն մը, որ կ՛երաշխաւորէ օտար ուժերու եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու Սուրիայէն հեռացումը:
Քուէյթի Սուպահ Ահմետ Սուպահ իշխանը իր կարգին իր նախանձախնդրութիւնը արտայայտեց Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու միասնականութեան նկատմամբ` շեշտելով նաեւ իր նախանձախնդրութիւնը երկիրներու ներքին գործերուն միջամտութիւնը բացառող միջազգային համաձայնութիւններու ծիրին մէջ Իրանի հետ լաւ յարաբերութիւններու նկատմամբ:
Քուէյթի իշխանը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Շուէտի մէջ Եմէնի տագնապին շուրջ բանակցութիւններուն` կոչ ուղղելով տարակարծութիւնները յաղթահարելու համար դադրեցնելու Ծոցի շրջանին մէջ քարոզչական արշաւները:
Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի բացման նիստի նախօրեակին Քաթարի պատուիրակ` Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան տնօրէն Ահմետ Ռմէյհի «Թուիթըր»-ի վրայ պատասխանեց Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Խալետ պըն Ահմետ Ալ Խալիֆայի թուիթըրեան գրառումին` նշելով. «Քաթարը իր սեփական որոշումին տէրն է եւ Քուէյթի վեհաժողովին մասնակցեցաւ, մինչ զինք պաշարող երկիրներուն իշխողները բացակայեցան անկէ: Քաթար «հետեւորդ» երկիրներէ խրատներու կարիքը չունի»:
Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարը քննադատած էր վեհաժողովէն Քաթարի իշխանին բացակայութիւնը` նշելով, որ Տոհան հրկիզեց վերադարձի բոլոր կամուրջները եւ այլեւս զինք Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդ վերադարձնող կամուրջ չունի:
Նշենք, որ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը Քաթարի իշխանը եւս հրաւիրած էր Ռիատի մէջ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի վեհաժողովին:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը նախապէս հաղորդած էր, որ Քաթարի իշխանը պիտի չմասնակցի վեհաժողովին եւ երկիրը ներկայացուած պիտի ըլլայ պետական նախարարի մակարդակով:



