Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնած է, որ կը քննարկուի ՀԱՊԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի` Միլանոյի մէջ 6-7 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի ընթացքին հանդիպում կատարելու կարելիութիւնը:
«Կը մշակուի ՀԱՊԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: Մենք այդ մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի յայտնենք, եթէ անիկա կայանայ, եւ պիտի ըսենք` երբ», նշած է Զախարովան:



