Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիան Հրաժարած Է Ազրպէյճանին Մատակարարել «Պալ-Է» Հրթիռային Համակարգը

December 7, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ իշխանութիւնները հրաժարած են Ազրպէյճանին մատակարարել «Պալ-Է» ցամաք-ծով հրթիռային համակարգը: Այս մասին կը հաղորդէ «Քոմմերսանթ»-ը` մանրամասնելով, որ գործարքի ջնջումին պատճառը Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան դիրքորոշումն է:

Ռուսական կողմը եկած է այն եզրակացութեան, որ տուեալ համակարգի հրթիռի` նոյնիսկ արտածման համար նախատեսուած տարբերակը հաւանական սպառնալիք է Ռուսիոյ տարածքային ջուրերուն մէջ գտնուող Կասպեան նաւատորմիղի նաւերուն համար:

Աղբիւրը կը նկատէ, որ Մոսկուան էական վնաս պիտի չկրէ տուեալ գործարքի ջնջումէն. վերջին տարիներուն Պաքուն 5 միլիառ տոլարի ռուսական զէնք եւ սպառազինութիւն գնած է:

Ազրպէյճան «Պալ-Է» ցամաք-ծով հրթիռային համակարգի գնումով հետաքրքրուած էր 2014-ին: Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը մտադիր էր այդ համակարգով ապահովել Կասպից ծովու իր հատուածի ծովեզերքի անվտանգութիւնը: Մոսկուան ու Պաքուն նախաստորագրած էին համաձայնագիրը, սակայն բուն համաձայնագիրի ստորագրման գործը չհասաւ իր աւարտին:

Բարձրաստիճան այլ աղբիւր մը հաստատած է, որ «Պալ»-ի մատակարարման հարցը այժմ չի քննարկուիր Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն հետ, որովհետեւ կայ «աշխարհաքաղաքական նրբութիւն»: Պատճառը այն է, որ վերջին տարիներուն համակարգի «Էքս-35» դասի հրթիռի ինքնանշանառման գլխիկը արդիականացուած է ո՛չ միայն ծովային, այլ նաեւ ցամաքային թիրախներ հարուածելու համար:

«Մենք չէինք ուզեր, որ տուեալ զէնքի տեսակը կիրարկուի ղարաբաղեան հարցին մէջ», ընդգծած է աղբիւրը:

«Քոմմերսանթ» կը նշէ նաեւ, որ «Պալ-Է»-ի մատակարարման ջնջումը դժուար թէ յանգեցնէ ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու սառեցման:

Աւելի ուշ, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը, մեկնաբանելով լուրը յայտնեց, որ Պաքու այդ հարցով չէ բանակցած ռուսական կողմին հետ:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ազրպէյճանական կողմի տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Պաշտօնապէս կը յայտարարենք, որ մենք բանակցութիւններ չենք վարած «Պալ-Է» ցամաք-ծով հրթիռային համակարգի գնումին հարցով: Այդպիսի մտադրութիւններ չեն եղած»:

Պաքուէն յայտնած են, որ Կասպից ծովու ազրպէյճանական հատուածի ծովեզերեայ մասին անվտանգութիւնը կ՛ապահովեն «տարբեր երկիրներու արտադրած յառաջադէմ պաշտպանական համակարգերն ու հրթիռային համակարգերը»:

 

Նախորդը

Լիւքսամպուրկը Պիտի Դառնայ Անվճար Հանրային Փոխադրամիջոց Ունեցող Առաջին Երկիրը

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Կրճատած Է Թուրքիոյ Տրամադրուելիք Ելեւմտական Օժանդակութիւնը

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.