Լիւքսամպուրկ պիտի դառնայ աշխարհի վրայ առաջին երկիրը, ուր հանրային փոխադրամիջոցով երթեւեկը պիտի ըլլայ անվճար: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Կարտիըն» օրաթերթը:
2019-ի ամառուընէ սկսեալ, Քզաւիէ Պեթելի գլխաւորած վերընտրուած համախմբական կառավարութեան որոշումով բոլոր տեսակի փոխադրամիջոցներով, ներառեալ փոխադրակառքերով, թրամուէյով եւ մերձքաղաքային գնացքներով երթեւեկը պիտի դառնայ անվճար: Բացի ատկէ, Լիւքսամպուրկի մեծ դքսութեան օրացոյցին մէջ պիտի աւելնայ յաւելեալ երկու տօնական օր:
Լիւքսամպուրկի իշխանութիւնները այս որոշումը որդեգրած են խճողումներու սուր տագնապին լոյսին տակ: Երկրի մայրաքաղաքին մէջ կը բնակի 110 հազար մարդ, իսկ ամբողջ դքսութեան բնակչութեան թիւը 600 հազար է: Սակայն դրացի երկիրներէն` Գերմանիայէն եւ Ֆրանսայէն օրական Լիւքսամպուրկ աշխատանքի կու գան քանի մը հարիւր հազար մարդիկ, այս պատճառով ալ ճամբաներուն վրայ, նախ եւ առաջ մայրաքաղաքին մէջ երթեւեկը երկար ժամանակով կանգ կ՛առնէ:



