Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ Ռուսիան «բարձր մակարդակով» կը միջամտէ Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»:
«Մենք Ուքրանիոյ մէջ (մարտ 2019-ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն) ռուսական միջամտութեան շատ բարձր մակարդակի աճ կը նկատենք», ըսած է պաշտօնեան, որուն անունը չի բացայայտուիր:
Անոր համաձայն ամերիկեան կողմը ամէն կերպ կը փորձէ այս հարցին մէջ աջակցիլ Ուքրանիոյ, ներառեալ համացանցային անվտանգութեան առնչուած խնդիրներու շուրջ:
Նախապէս Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքօ յայտարարած էր, թէ Ռուսիան կը փորձէ միջամտել յառաջիկայ տարի Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւններուն` փորձելով ազդել անոնց արդիւնքներուն վրայ:
Նախագահը նշած էր, որ իրենք պէտք է պատրաստ ըլլան դիմագրաւելու տարբեր համացանցային յարձակումներ եւ «կեղծ» նորութիւններ:



