Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեհրան Պիտի Պատժէ Ահաբեկիչներն Ու Անոնց Տէրերը. Իրանի Չապահար Շրջանին Մէջ Անձնասպանական Գործողութիւն Եւ Հրացանաձգութիւն

December 7, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանեան պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սիսթան եւ Պալուչիստան նահանգի Չապահար շրջանին մէջ պայթումէ մը ետք հրացանաձգութիւն տեղի ունեցած է:

Չապահարէն աղբիւրներ իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնած են, թէ հաւանական է, որ անձնասպանական գործողութիւն մը Չապահարի մէջ թիրախ դարձուցած է ոստիկանատունը, ուր նաեւ հրացանաձգութեան ձայներ լսուած են:

Չապահարի քաղաքապետ Ռահմատուլ Պամրի յայտնեց. «Ահաբեկիչներ ականուած ինքնաշարժով յարձակում գործեցին Չապահարի ոստիկանատան դէմ»:

Իրանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Չապահարի ոստիկանապետն ու երկու քաղաքացիներ զոհ գացած են անձնասպանական գործողութեան:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարը յայտնեց, որ սուտ են այն լուրերը, թէ ապահովական մարմիններու ղեկավարը սպաննուած է:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը նշեց. «Սէուտական աջակցութիւն վայելող ահաբեկչական խմբաւորումներ կը փորձեն հարուածել սահմանամերձ շրջաններու կայունութիւնը»:

Պահակագունդը նաեւ յայտարարեց. «Իրանի Չապահար շրջանին մէջ կատարուած յարձակումը գործադրողներուն դէմ պատասխան քայլը ուժեղ պիտի ըլլայ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ իր կարգին յայտարարեց. «Թեհրան իրենց արարքներուն համար պիտի պատժէ ահաբեկիչներն ու անոնց տէրերը»:

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Կրճատած Է Թուրքիոյ Տրամադրուելիք Ելեւմտական Օժանդակութիւնը

Յաջորդը

Ծերակոյտին Ներկայացուած Է Եմէնի Մարդասիրական Տագնապին Համար Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգը Պատասխանատու Նկատող Բանաձեւ Մը

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.