Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիա Պատրաստ Է Խաշոկճիի Սպանութեան Գործը Փոխանցելու Միջազգային Ատեաններուն» Կ՛ըսէ Կիւլ

December 11, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Ապտուլհամիտ Կիւլ յայտարարած է, թէ թրքական կողմը պատրաստ է սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան գործը փոխանցելու միջազգային ատեաններուն: Այդ մասին կը հաղորդէ «Հապերթիւրք»-ը:

«Մենք թէ՛ թեքնիք, թէ՛ իրաւական առումներով նախապատրաստական աշխատանք տարած ենք, այնպէս որ համապատասխան որոշումի պարագային, գործը պիտի փոխանցուի միջազգային դատական ատեաններուն», ըսած է նախարարը:

Ան նաեւ կոչ ուղղած է այդ հարցին մէջ կառուցողական ըլլալու:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր յայտարարած էր, թէ Սէուտական Արաբիան չի պատրաստուիր Խաշոկճիի սպանութեան մէջ կասկածուող անձերը արտայանձնելու:

«Մեր նպատակը լրագրողին սպանութեան վերաբերեալ ամբողջ ճշմարտութիւնը բացայայտելն է: Այդ իսկ պատճառով մենք չենք պատրաստուիր բաւարարել Անգարայի արտայանձնման պահանջը», յայտարարած է սէուտական դիւանագիտութեան պետը:

Թրքական դատախազութիւնը 5 դեկտեմբերին հրամայած էր ձերբակալել Սէուտական Արաբիոյ հետախուզութեան նախկին բարձրաստիճան սպայ Ահմետ Ասիրին եւ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալմանի խորհրդականներէն մէկը: Թրքական իշխանութիւններուն պնդումով` անոնք անմիջական առնչութիւն ունին 2 հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ Խաշոկճիի սպանութեան հետ:

Յիշեցնենք, որ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը նախապէս հրապարակած էր Խաշոկճիի սպանութեան վերաբերեալ կատարուած լրագրական հետաքննութեան արդիւնքները, որոնց համաձայն, սպանութիւնը գործած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին մերձաւորներէն մէկ քանիին ղեկավարած խումբը:

 

Նախորդը

Խօսելով ՀԱՊԿ-ի Եւ ՕԹԱՆ-ի Տարբերութեան Մասին` «Մենք Ոեւէ Մէկուն Վիզին Ոչինչ Կը Փաթթենք» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Մատուրօ Միացեալ Նահանգները Կը Մեղադրէ Վենեզուելայի Մէջ Պետական Յեղաշրջումի Փորձի Համար

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.