Միջազգային

ՄԻԹ-ի Եւ Ահաբեկիչներու Հետ Կապերու Մասին Գաղտնի Փաստաթուղթեր Կը Բացայայտուին

ՄԻԹ-ի Եւ Ահաբեկիչներու Հետ Կապերու Մասին Գաղտնի Փաստաթուղթեր Կը Բացայայտուին

«Նորտիք Մոնիթըր» կայքը հրապարակեց գաղտնի փաստաթուղթեր, որոնք կ՛ապացուցեն, թէ թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը` ՄԻԹ-ը գաղտնաբար Թուրքիոյ սահմանին ճամբով Սուրիա փոխադրած է ժիհատական զինեալներ: Կայքը կը նշէ, թէ 4 տարի առաջ տեղի ունեցած գաղտնի գործողութիւնը բացայայտուած էր, երբ թուրք ոստիկաններ կանչուած էին խուզարկելու համար փոխադրակառքեր, որոնք կ՛օգտագործուէին ժիհատական զինեալները Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ մէկ կէտէ դէպի այլ կէտ փոխադրելու: Երկու էջերէ բաղկացած...

Փենթակոնէն Պաշտօնատարներ Կը Հաստատեն.  Ամերիկեան Ուժերու Սարքերը Սկսած Են Հեռացուիլ Հիւսիսային Սուրիայէն

Փենթակոնէն Պաշտօնատարներ Կը Հաստատեն. Ամերիկեան Ուժերու Սարքերը Սկսած Են Հեռացուիլ Հիւսիսային Սուրիայէն

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութենէն պաշտօնատար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ամերիկեան բանակը ուրբաթ օր սկսած է իր սարքերը հեռացնել Սուրիայէն: «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Փենթակոնէն պաշտօնատարներ յայտնած են, թէ ամերիկեան ուժերու Սուրիայէն «ամբողջական» հեռացման գործողութեան պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են, հակառակ այդ առնչութեամբ յայտարարութիւններուն եւ Թուրքիոյ հետ նոր լարուածութեան: Ամերիկեան օրաթերթը, մէջբերելով բանակի հրամանատարներէն...

«Գերմանիան Կը Կրէ Յունաստանի Մէջ Նացիներու Ոճիրներուն Պատասխանատուութիւնը» Կ՛ըսէ Մերքել

«Գերմանիան Կը Կրէ Յունաստանի Մէջ Նացիներու Ոճիրներուն Պատասխանատուութիւնը» Կ՛ըսէ Մերքել

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներու ընթացքին ընդունած է Յունաստանի բռնագրաւման ժամանակ նացիներու ոճիրներուն համար Գերմանիոյ պատասխանատուութիւնը, սակայն չէ պատասխանած վնասուց հատուցում տալու եւ այսպէս կոչուած «գրաւուած փոխառութիւն»-ը Յունաստանին վերադարձնելու վերաբերող հարցումին: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Յունաստան աւելի քան 300 միլիառ եւրօ կը գնահատէ կորուստները 1941-1944 թուականներուն գերմանական բռնագրաւումին եւ գերմանացիներու կողմէ հարկադրաբար...

«Եւրոպական Միութիւնը Սկսած Է Միացեալ Բանակի Ստեղծման» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

«Եւրոպական Միութիւնը Սկսած Է Միացեալ Բանակի Ստեղծման» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ուրսուլա Ֆոն տեր Լէյէն յայտարարած է, թէ Եւրոպան արդէն սկսած է միացեալ բանակի ստեղծման աշխատանքներուն: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը: Ան ընդգծած է, որ Գերմանիան ու Ֆրանսան Եւրոպայի պաշտպանական ոլորտը յառաջ մղող ուժերն են, որոնք մէկը միւսին պիտի օգնեն տարածքային զինեալ յարձակման պարագային: Նոյեմբերին հաստատուած ծրագիրին համաձայն, Ֆրանսան, Պելճիքան ու Կիպրոսը կը ստեղծեն «Պիանտ...

«Եփրատի Արեւելեան Ափին Վրայ Գտնուող  Ահաբեկիչները Պիտի Թաղենք  Իրենց Փորած Փոսերուն Մէջ»  Կ՛ըսէ Աքար

«Եփրատի Արեւելեան Ափին Վրայ Գտնուող Ահաբեկիչները Պիտի Թաղենք Իրենց Փորած Փոսերուն Մէջ» Կ՛ըսէ Աքար

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնեց. «Մեր դիմաց են Մընպեժն ու Եփրատի արեւելեան ափը, եւ թրքական զինուորական գործողութեան համար անհրաժեշտ եղող ծրագիրները պատրաստ են, իսկ պատրաստութիւնները աշխուժ կերպով կը շարունակուին»: Ան թրքական բանակի սպայակոյտի պետին եւ ցամաքային ուժերու հրամանատարին հետ Սուրիոյ հետ սահման այցելութեան ընթացքին նշեց. «Եփրատի արեւելեան ափին վրայ գտնուող ահաբեկիչները պիտի թաղուին իրենց փորած փոսերուն մէջ` նախկին գործողութիւններուն...

«Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Վերջին  Իրանցին Պիտի Վտարեն Սուրիայէն»  Կ՛ըսէ Փոմփէօ

«Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Վերջին Իրանցին Պիտի Վտարեն Սուրիայէն» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարած է, որ Ուաշինկթընն ու անոր դաշնակիցները «մինչեւ վերջին իրանցին պիտի վտարեն Սուրիայէն»: «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը նշէ, թէ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը այս մասին յայտարարած է Գահիրէի մէջ` միջինարեւելեան դաշնակիցներուն հաւաստելով, որ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացումը երբեք չի նշանակեր, թէ Միացեալ Նահանգներ կը լքեն շրջանը: Փոմփէօ դաշնակիցներուն կոչ ուղղած է համախմբուելու ընդդէմ Իրանի:...

Լատինամերիկեան Երկիրները Դիւանագիտական  Մեկուսացումի Ենթարկեցին Վենեզուելան

Լատինամերիկեան Երկիրները Դիւանագիտական Մեկուսացումի Ենթարկեցին Վենեզուելան

Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ նախագահի պաշտօնին վրայ իր երկրորդ նստաշրջանի մեկնարկը նշեց, սակայն շարք մը երկիրներ անոր երդման արարողութիւնը օգտագործեցին` նուազեցնելու դիւանագիտական կապերը, մերժելու անոր օրինականութիւնը եւ զինք բռնապետ նկատելու: Լատինամերիկեան 17 երկիրներ, Միացեալ Նահանգներն ու Քանատան Մատուրոյի կառավարութիւնը նկատեցին անօրինական: Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութիւնը որդեգրեց Մատուրոյի նախագահական երկրորդ նստաշրջանի օրինականութիւնը չճանչնալու որոշում մը, որ ներկայացուած էր Քոլոմպիոյ, Արժանթինի, Պրազիլի, Չիլիի,...

Իսրայէլի Ելեւմուտքի Նախարարը Իրաքը  Դուրս Կը Բերէ  «Թշնամի Պետութիւններ»-ու Ցուցակէն

Իսրայէլի Ելեւմուտքի Նախարարը Իրաքը Դուրս Կը Բերէ «Թշնամի Պետութիւններ»-ու Ցուցակէն

Իսրայէլեան «124նիուզ» կայքը կը հաղորդէ, որ իրաքեան պատուիրակութիւններու Իսրայէլ տուած գաղտնի այցելութիւններու մասին տեղեկութիւններէն ետք, Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Մոշէ Քահալոն ստորագրած է յատուկ հրամանագիր մը, որ կը ճշդէ. «Իրաքը թշնամի պետութիւն մը չէ, ուստի անոր անունը մինչեւ յառաջիկայ մարտ կը ջնջուի «թշնամի պետութիւններ»-ու ցուցակէն, ինչ որ կ՛արտօնէ անոր հետ փոխադարձ առեւտուր հաստատել»: Քահալոն հրամանագիրին մէջ կը նշէ, որ իր լիազօրութիւններուն...

Չաւուշօղլու. «Թուրքիան Քիւրտ  Զինեալներուն Դէմ Իր Գործողութիւնը  Պիտի Գործադրէ, Եթէ Ուաշինկթըն  Սուրիայէն Իր Ուժերու Հեռացումը Ձգձգէ»

Չաւուշօղլու. «Թուրքիան Քիւրտ Զինեալներուն Դէմ Իր Գործողութիւնը Պիտի Գործադրէ, Եթէ Ուաշինկթըն Սուրիայէն Իր Ուժերու Հեռացումը Ձգձգէ»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց, թէ իր երկիրը քիւրտ զինեալներուն դէմ իր զինուորական գործողութիւնը պիտի գործադրէ, եթէ Ուաշինկթըն ձգձգէ Սուրիայէն իր ուժերու հեռացումը: Ան նշեց, որ Թուրքիան կրնայ Իտլիպի մէջ ո՛չ միայն Ռուսիոյ, այլեւ բոլոր կողմերուն մասնակցութեամբ զինուորական միացեալ գործողութիւն կատարել: Չաւուշօղլու շեշտեց, որ ահաբեկիչներուն պէտք չէ արտօնել լեցնելու այն բացը, որ պիտի գոյանայ ամերիկեան ուժերու հեռացման պատճառով:...

Ժապհաթ Նուսրան Իր Ամբողջական  Վերահսկողութեան Տակ Կ՛առնէ Իտլիպը

Ժապհաթ Նուսրան Իր Ամբողջական Վերահսկողութեան Տակ Կ՛առնէ Իտլիպը

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ազգային ազատագրութեան ճակատը համաձայն գտնուած է Իտլիպի մէջ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքները դնել Ժապհաթ Նուսրայի այսպէս կոչուած փրկութեան կառավարութեան վերահսկողութեան տակ: Գործիչներ «Մայատին»-ին յայտնած են, որ համաձայնութիւնը գոյացած է Ժապհաթ Նուսրային կողմէ Ազգային ազատագրութեան ճակատին ներկայացուած` իր շրջանները կամաւոր կերպով յանձնելու պայմանաժամին հիմամբ, որմէ ետք Նուսրան սպառնացած էր զինուորական լայնածաւալ գործողութիւն շղթայազերծել...

Քնեսեթի Նախագահը «Երկու Պետութիւն»  Լուծումը Ժամանակավրէպ Ու Քաղաքական  Ներկայ Կացութեան Չյարմարող Կը Նկատէ

Քնեսեթի Նախագահը «Երկու Պետութիւն» Լուծումը Ժամանակավրէպ Ու Քաղաքական Ներկայ Կացութեան Չյարմարող Կը Նկատէ

Քնեսեթի նախագահ, Իսրայէլի իշխող Լիքուտ կուսակցութեան անդամ Եուլի Էտըլշթայն յայտնեց, որ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման «Երկու պետութիւն» տարազը դարձած է ժամանակավրէպ եւ քաղաքական ներկայ կացութեան չյարմարող: «Պէտք է հիւսիսի եւ հարաւի մէջ պայքարինք ահաբեկչութեան դէմ` համակեցութեան եւ գործակցութեան վրայ մեր աշխատանքին զուգահեռ», ըսաւ ան` նշելով. «Երկու պետութիւններու մասին բոլոր այդ յայտարարութիւնները, եւ թէ միակ լուծումը երկու պետութիւններն են, պարզապէս գործի չեն...

Սուտանի Մէջ Ցոյցերու Ընթացքին  Ձերբակալուած Են 816 Անձեր

Սուտանի Մէջ Ցոյցերու Ընթացքին Ձերբակալուած Են 816 Անձեր

Սուտանի ներքին գործոց նախարար Ահմետ Պիլալ Օսման յայտարարեց, թէ Սուտանի տարբեր քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած ցոյցերու ընթացքին ձերբակալեալներու թիւը շրջանցած է 800-ը: Ան նշեց, որ դեկտեմբեր 2018-էն ի վեր ձերբակալուածներուն թիւը 816 է: Ան Սուտանի խորհրդարանին առջեւ իր ներկայացուցած զեկուցումին ընթացքին շեշտեց, որ ոստիկանութեան տուեալներով արձանագրուած են 19 զոհեր, որոնց շարքին` երկու ոստիկաններ` աւելցնելով, որ ոստիկանութիւնը «օրէնքը խախտողներու վարմունքին դիմակայման...

Միացեալ Նահանգներու Եւ Հիւսիսային  Քորէայի Ղեկավարները Մօտիկ Ապագային  Կրնան Հանդիպում Ունենալ Հանոյի Մէջ

Միացեալ Նահանգներու Եւ Հիւսիսային Քորէայի Ղեկավարները Մօտիկ Ապագային Կրնան Հանդիպում Ունենալ Հանոյի Մէջ

Չի բացառուիր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի երկրորդ հանդիպումը տեղի ունենայ Վիեթնամի մայրաքաղաք Հանոյի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպըրկ»-ը` յղում կատարելով հարաւային քորէական աղբիւրներու: Լրատու գործակալութեան հաղորդումով` ամերիկացի եւ հիւսիսային քորէացի դիւանագէտները արդէն իսկ շարք մը հանդիպումներ կատարած են` քննարկելով յառաջիկայ բանակցութիւններու կազմակերպման վերաբերող թեքնիք հարցերը:  

Քննադատելով Թրամփի  Վարուելակերպը`  «Ան Աշխարհի Տարածքին  Դժգոհութիւն Յառաջացուց»  Կ՛ըսէ Ռոմնի

Քննադատելով Թրամփի Վարուելակերպը` «Ան Աշխարհի Տարածքին Դժգոհութիւն Յառաջացուց» Կ՛ըսէ Ռոմնի

Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան հանրապետական նախկին թեկնածու Միթ Ռոմնի սուր քննադատութեան ենթարկեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը` նշելով, որ վերջինս աշխարհի տարածքին դժգոհութիւն յառաջացուցած է: Ռոմնի «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ մատնանշած է դեկտեմբերին Թրամփի որդեգրած կարգ մը որոշումները եւ յայտնած, որ քիչ փորձառութիւն ունեցող մարդիկ բարձր պաշտօններու նշանակելը, «մեր կողքին կռուած դաշնակիցները լքելը եւ նախագահին անպատշաճ...

Ուաշինկթըն Մինչեւ 1 Մարտ Մաքսատուրքեր  Պիտի Չհաստատէ Չինական  Ապրանքներու Ներածման Համար

Ուաշինկթըն Մինչեւ 1 Մարտ Մաքսատուրքեր Պիտի Չհաստատէ Չինական Ապրանքներու Ներածման Համար

Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը մինչեւ 1 մարտ չի պատրաստուիր 200 միլիառ տոլարի չափով մաքսատուրքեր հաստատելու չինական ապրանքներու ներածման համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով աղբիւրներու: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփին 1 դեկտեմբեր 2018-ին Արժանթինի մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ իրենց հանդիպումին ընթացքին համաձայնած են երեք ամսուան ընթացքին ձեռնարկել քայլերու` Միացեալ Նահանգներու...

Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ «Պրեքզիթ»- ի Հարցով Քուէարկութիւնը  Տեղի Պիտի Ունենայ 15 Յունուարին

Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ «Պրեքզիթ»- ի Հարցով Քուէարկութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ 15 Յունուարին

Բրիտանիոյ խորհրդարանի ստորին պալատին` Համայնքներու պալատին մէջ Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն` «Պրեքզիթ»-ի մասին համաձայնագիրի վաւերացման շուրջ քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ 15 յունուարին: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն` վկայակոչելով Բրիտանիոյ վարչապետի գրասենեակէն աղբիւրները: Նախապէս քուէարկութիւնը նշանակուած էր դեկտեմբեր 2018-ին, սակայն ատոր հաւանական տապալումէն խուսափելու համար վերջին պահուն յետաձգուեցաւ վարչապետ Թերեզա Մէյի կողմէ:  

«Եւրոպական Միութիւնը Սեփական  Բանակի Կարիքը Չունի»  Կ՛ըսէ Աւստրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

«Եւրոպական Միութիւնը Սեփական Բանակի Կարիքը Չունի» Կ՛ըսէ Աւստրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

Աւստրիոյ պաշտպանութեան նախարար Մարիօ Քունասեք յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կարիքը չունի իր սեփական բանակը կազմելու, այլ` անվտանգութեան ու հասարակաց պաշտպանութեան քաղաքականութեան ոլորտին մէջ յաւելեալ գործակցութեան եւ անոր կողքին միջազգային այլ դաշինքներէն քիչ մը անկախացման: Քունասեք յայտնեց, որ Եւրոպան կարիքը ունի ցամաքամասին վայել անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան: «Եւրոպացի պաշտպանութեան բոլոր նախարարները համոզուած են հասարակաց կառոյցները, ներկայացուցչութիւններն ու մարզումները զարգացնելու կարեւորութեան` առանց...

«Ներկայ Պայմաններուն Մէջ Շատ Դժուար Է  Սուրիայէն Ամերիկեան Ուժերու Ամբողջական  Հեռացումը Պատկերացնել»  Կ՛ըսէ Ռիապքով

«Ներկայ Պայմաններուն Մէջ Շատ Դժուար Է Սուրիայէն Ամերիկեան Ուժերու Ամբողջական Հեռացումը Պատկերացնել» Կ՛ըսէ Ռիապքով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնեց, որ ներկայ պայմաններուն, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի` աշխարհին տիրելու եւ հարցերը ըստ իր պայմաններուն լուծելու ձգտումին լոյսին տակ, շատ դժուար է Միացեալ Նահանգներու Սուրիայէն ամբողջական հեռացումը պատկերացնել: Ան յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցին շուրջ ռուս-ամերիկեան հաղորդակցութիւնը երբեք չդադրեցաւ: Թէեւ այդ հաղորդակցութեան մասին միշտ չյայտարարուեցաւ, սակայն երկար դադարներ չունեցաւ` աւելցնելով, որ Ռուսիան պիտի շարունակէ Սուրիոյ հարցով...

Եուհաննա Ժ. Պատրիարքը Բարթողիմէոս  Պատրիարքին Կոչ Կ՛ուղղէ Չաճապարելու

Եուհաննա Ժ. Պատրիարքը Բարթողիմէոս Պատրիարքին Կոչ Կ՛ուղղէ Չաճապարելու

Անտիոքի յոյն ուղղափառ Եուհաննա Ժ. պատրիարքը հրապարակեց Պոլսոյ յոյն ուղղափառ տիեզերական պատրիարք Բարթողիմէոսին ուղղուած բաց նամակ մը` նշելով, թէ տեղեակ է Ուքրանիոյ մէջ ուղղափառ եկեղեցւոյ վերաբերեալ իրադարձութիւններէն, եւ մտահոգութիւն յայտնեց «ո՛չ միայն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ յառաջացած պառակտումին, այլ նաեւ տեղւոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ կարծիքի անտեսման նկատմամբ»: Ան Պոլսոյ յոյն ուղղափառ պատրիարքին կոչ ուղղեց` «չաճապարելու եւ ուղղափառ անկախ եկեղեցիներու համաձայնութեան չարժանացած որեւէ...

Էրտողան. «Թուրքիան Չի Կրնար Քրտական  Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Ջոկատներու  Հարցին Մէջ Զիջում Կատարել»

Էրտողան. «Թուրքիան Չի Կրնար Քրտական Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Ջոկատներու Հարցին Մէջ Զիջում Կատարել»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իր երկիրը չի կրնար քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու հարցին մէջ զիջում կատարել` աւելցնելով, որ Թուրքիան ամբողջացուցած է Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւն կատարելու պատրաստութիւնները: «Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներն ու Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը միեւնոյն մետալին երկու երեսներն են», նշեց ան: Էրտողան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթըն Իսրայէլի մէջ կատարած իր...

Page 554 of 884 1 … 553 554 555 … 884

Արխիւներ