Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութենէն պաշտօնատար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ամերիկեան բանակը ուրբաթ օր սկսած է իր սարքերը հեռացնել Սուրիայէն:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Փենթակոնէն պաշտօնատարներ յայտնած են, թէ ամերիկեան ուժերու Սուրիայէն «ամբողջական» հեռացման գործողութեան պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են, հակառակ այդ առնչութեամբ յայտարարութիւններուն եւ Թուրքիոյ հետ նոր լարուածութեան:
Ամերիկեան օրաթերթը, մէջբերելով բանակի հրամանատարներէն մէկը, հաղորդեց, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր հրամանները Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթընէն չի ստանար, եւ հեռացման ծրագիրին մէջ ոչինչ փոխուած է:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ եւս Եգիպտոսի մէջ յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Սուրիայէն հեռացման որոշումը պիտի գործադրուի, սակայն ատիկա չի նշանակեր, թէ շրջանին մէջ ամերիկեան ծրագիրին մէջ փոփոխութիւն գոյութիւն ունի:



