Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներու ընթացքին ընդունած է Յունաստանի բռնագրաւման ժամանակ նացիներու ոճիրներուն համար Գերմանիոյ պատասխանատուութիւնը, սակայն չէ պատասխանած վնասուց հատուցում տալու եւ այսպէս կոչուած «գրաւուած փոխառութիւն»-ը Յունաստանին վերադարձնելու վերաբերող հարցումին: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
Յունաստան աւելի քան 300 միլիառ եւրօ կը գնահատէ կորուստները 1941-1944 թուականներուն գերմանական բռնագրաւումին եւ գերմանացիներու կողմէ հարկադրաբար վերցուած փոխառութեան: Յունաստանի ղեկավարութիւնը պարբերաբար կը բարձրացնէ փոխհատուցման հարցը:
Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս 11 յունուարին Աթէնքի նախագահական պալատին մէջ Մերքելի հետ հանդիպումի ընթացքին ըսած է, թէ Յունաստան մտադիր է դատարաններու միջոցով լուծել հարցը:
«Մենք կը կարծենք, որ Յունաստանի պահանջները իրաւաբանօրէն կը գործեն եւ կրնան բռնի գանձուիլ դատարանի միջոցով», ըսած է Յունաստանի նախագահը, որ կրթութեամբ իրաւաբան է: Ի պատասխան Մերքել ընդունած է նացիներու յանցագործութիւններուն համար բարոյական պատասխանատուութիւնը, սակայն չէ խօսած նիւթական պատասխանատուութեան մասին:



