Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եուհաննա Ժ. Պատրիարքը Բարթողիմէոս Պատրիարքին Կոչ Կ՛ուղղէ Չաճապարելու

January 10, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անտիոքի յոյն ուղղափառ Եուհաննա Ժ. պատրիարքը հրապարակեց Պոլսոյ յոյն ուղղափառ տիեզերական պատրիարք Բարթողիմէոսին ուղղուած բաց նամակ մը` նշելով, թէ տեղեակ է Ուքրանիոյ մէջ ուղղափառ եկեղեցւոյ վերաբերեալ իրադարձութիւններէն, եւ մտահոգութիւն յայտնեց «ո՛չ միայն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ յառաջացած պառակտումին, այլ նաեւ տեղւոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ կարծիքի անտեսման նկատմամբ»:

Ան Պոլսոյ յոյն ուղղափառ պատրիարքին կոչ ուղղեց` «չաճապարելու եւ ուղղափառ անկախ եկեղեցիներու համաձայնութեան չարժանացած որեւէ որոշում տալու չշտապելու, որովհետեւ անտրամաբանական է պառակտումի մը վերջ տալ` ի վնաս ուղղափառ աշխարհի միասնականութեան»:

Եուհաննա Ժ. պատրիարքը նշեց. «Եկեղեցւոյ խաղաղութեան, միութեան եւ ներկայ մեր աշխարհին մէջ ուղղափառ վկայութեան համար օգտակար է սառեցնել այդ որոշումները եւ յետաձգել անոնց գործադրութիւնը»:

Ան նաեւ Պոլսոյ յոյն ուղղափառ պատրիաքին կոչ ուղղեց ուղղափառ եկեղեցիներու ղեկավարները հրաւիրելու խորհրդակցութեան` «մեր եկեղեցիին խնայելու համար այն վտանգները, որոնք ո՛չ Ուքրանիոյ, ո՛չ ալ ուղղափառ աշխարհին մէջ խաղաղութեան պիտի առաջնորդեն»:

Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքը ճանչցած էր Ռուսիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքութենէն անջատուած Ուքրանիոյ եկեղեցւոյ անկախութիւնը, որուն պատճառով Ռուսիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքութիւնը խզած էր Պոլսոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքութեան հետ իր յարաբերութիւնները:

Նախորդը

Էրտողան. «Թուրքիան Չի Կրնար Քրտական Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Ջոկատներու Հարցին Մէջ Զիջում Կատարել»

Յաջորդը

«Ներկայ Պայմաններուն Մէջ Շատ Դժուար Է Սուրիայէն Ամերիկեան Ուժերու Ամբողջական Հեռացումը Պատկերացնել» Կ՛ըսէ Ռիապքով

RelatedPosts

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն  Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն  Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»

October 23, 2026
Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները  Ռազմաճակատին Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները Ռազմաճակատին Վրայ»

October 23, 2026
Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.