Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իր երկիրը չի կրնար քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու հարցին մէջ զիջում կատարել` աւելցնելով, որ Թուրքիան ամբողջացուցած է Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւն կատարելու պատրաստութիւնները:
«Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներն ու Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը միեւնոյն մետալին երկու երեսներն են», նշեց ան:
Էրտողան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթըն Իսրայէլի մէջ կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ «մեծ սխալ գործեց, երբ ահաբեկչական խմբաւորումները շփոթեց քիւրտերուն հետ»:
«Թուրքիոյ կողմէ քիւրտերու թիրախաւորումը վատոգի պնդում մըն է», ըսաւ ան:
«Թրամփի հետ Մընպեժի հարցով յստակ համաձայնութիւն գոյացուցինք, սակայն Ուաշինկթընէն տարատեսակ ձայներ կը լսուին», յայտնեց Թուրքիոյ նախագահը` աւելցնելով. «Մենք նկատի կ՛ունենանք Թրամփի կեցուածքը»:
«Թուրքիան կը մերժէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ թրքական զինուորական գործողութիւններուն դիմաց նախապայմաններու ճշդումը», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի զգուշացուց իր երկիրը Սուրիոյ հետ տագնապի մէջ ներքաշելու ամերիկեան թակարդէ մը:



