Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնեց. «Մեր դիմաց են Մընպեժն ու Եփրատի արեւելեան ափը, եւ թրքական զինուորական գործողութեան համար անհրաժեշտ եղող ծրագիրները պատրաստ են, իսկ պատրաստութիւնները աշխուժ կերպով կը շարունակուին»:
Ան թրքական բանակի սպայակոյտի պետին եւ ցամաքային ուժերու հրամանատարին հետ Սուրիոյ հետ սահման այցելութեան ընթացքին նշեց. «Եփրատի արեւելեան ափին վրայ գտնուող ահաբեկիչները պիտի թաղուին իրենց փորած փոսերուն մէջ` նախկին գործողութիւններուն նման յարմար վայրին մէջ ու ժամանակին»:
«Ահաբեկիչները մեր միակ թիրախներն են, եւ ողջմտութիւն ունեցող որեւէ մէկը գիտէ, թէ որեւէ խնդիր չունինք մեր քիւրտ եղբայրներուն հետ, որոնց հետ միս ու ոսկորի պէս ենք», ըսաւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Ռուսիան քիւրտերուն եւ սուրիական կառավարութեան միջեւ երկխօսութիւնը կարեւոր կը նկատէ «Միացեալ Նահանգներու` Սուրիայէն իրենց ուժերը հեռացնելու մտադրութեան լոյսին տակ»:
«Ամերիկեան ուժերու հեռացումէն ետք, Ռուսիան կարեւոր կը նկատէ, որ սուրիական բանակը ստանձնէ այդ շրջաններուն վերահսկողութիւն», նշեց Զախարովա:



