Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարը Դամասկոսին Կոչ Ուղղեց Արաբական Լիկա Վերադառնալու Քայլեր Որդեգրելու
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի Սուրիոյ կառավարութեան կոչ ուղղեց` Արաբական լիկային մէջ 7 տարիէ ի վեր իր սառեցուած աթոռին վերադառնալու քայլեր որդեգրելու` աւելցնելով, որ Սուրիոյ Արաբական լիկա վերադարձը կախեալ է լիկայի դիւանի որոշումէն եւ Թունուսի մէջ յառաջիկայ մարտին նախատեսուած վեհաժողովին կողմէ այդ որոշումի որդեգրումէն: «Սուրիական կառավարութեան անվտանգութիւնը, կայունութիւնն ու գերիշխանութիւնը չպահպանելը, տագնապէն դուրս գալու հոլովոյթը կեանքի չկոչելը հարցը կը...




















