Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եւրոպական Միութիւնը Սկսած Է Միացեալ Բանակի Ստեղծման» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

January 14, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ուրսուլա Ֆոն տեր Լէյէն յայտարարած է, թէ Եւրոպան արդէն սկսած է միացեալ բանակի ստեղծման աշխատանքներուն: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը:

Ան ընդգծած է, որ Գերմանիան ու Ֆրանսան Եւրոպայի պաշտպանական ոլորտը յառաջ մղող ուժերն են, որոնք մէկը միւսին պիտի օգնեն տարածքային զինեալ յարձակման պարագային:

Նոյեմբերին հաստատուած ծրագիրին համաձայն, Ֆրանսան, Պելճիքան ու Կիպրոսը կը ստեղծեն «Պիանտ Լայն աֆ Սայթ Լենտ Պաթըլֆիլտ» կոչուող հրթիռային համակարգերու ընտանիքը: Մէկ այլ ծրագիրի ծիրին մէջ ալ Յունաստանը, Իտալիան եւ Սլովաքիան եւրոպական զրահապատ հետեւակի մարտական մեքենայ կը ստեղծեն:

Նախարարը ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութեան անդամ 25 պետութիւնները միաւորուած են ոչ թէ որովհետեւ Պրիւքսելէն այդպիսի ցուցմունք ստացած են, այլ` կամաւոր կերպով, որովհետեւ ատիկա կը բխի Եւրոպայի անվտանգութեան շահերէն:

«Եւրոպան կը շարունակէ ըլլալ բացառիկ միութիւն, որ ազատութեան եւ բարգաւաճման դրօշի տակ միաւորած է կէս միլիառ մարդ: Եւրոպան պէտք է կարենայ ինքզինք պաշտպանել», ըսած է նախարարը:

Ան նաեւ առաջարկած է Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու խորհրդարաններուն մէջ անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբեր ստեղծել:

Նախորդը

ՀՅԴ 128-ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութիւն` Այնճարի Մէջ

Յաջորդը

«Գերմանիան Կը Կրէ Յունաստանի Մէջ Նացիներու Ոճիրներուն Պատասխանատուութիւնը» Կ՛ըսէ Մերքել

RelatedPosts

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Մեքքայի Մէջ Թուրքիա – Սէուտական  Արաբիա – Փաքիստան Պաշտպանութեան  Համաձայնագիր
Միջազգային

Ըստ «Թիւրքիէ» Օրաթերթին. Թուրքիան Կրնայ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 8, 2026
Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.