Սուտանի ներքին գործոց նախարար Ահմետ Պիլալ Օսման յայտարարեց, թէ Սուտանի տարբեր քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած ցոյցերու ընթացքին ձերբակալեալներու թիւը շրջանցած է 800-ը:
Ան նշեց, որ դեկտեմբեր 2018-էն ի վեր ձերբակալուածներուն թիւը 816 է:
Ան Սուտանի խորհրդարանին առջեւ իր ներկայացուցած զեկուցումին ընթացքին շեշտեց, որ ոստիկանութեան տուեալներով արձանագրուած են 19 զոհեր, որոնց շարքին` երկու ոստիկաններ` աւելցնելով, որ ոստիկանութիւնը «օրէնքը խախտողներու վարմունքին դիմակայման մէջ» իր պարտականութիւնը կատարած է մեծ արհեստավարժութեամբ:
Սուտանի մէջ ցոյցերու շաբաթներէ ի վեր շարունակուելուն լոյսին տակ, սուտանեան իշխանութիւնները հասարակական զայրոյթը վերահսկողութեան տակ առնելու համար շարք մը քայլեր որդեգրած են: