Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան հանրապետական նախկին թեկնածու Միթ Ռոմնի սուր քննադատութեան ենթարկեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը` նշելով, որ վերջինս աշխարհի տարածքին դժգոհութիւն յառաջացուցած է:
Ռոմնի «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ մատնանշած է դեկտեմբերին Թրամփի որդեգրած կարգ մը որոշումները եւ յայտնած, որ քիչ փորձառութիւն ունեցող մարդիկ բարձր պաշտօններու նշանակելը, «մեր կողքին կռուած դաշնակիցները լքելը եւ նախագահին անպատշաճ պնդումը, թէ Ամերիկան միջազգային հարցերու մէջ երկար ժամանակ «ապուշ»-ի պէս էր, հարցեր են, որոնք բոլորն ալ կ՛արժեզրկեն անոր նախագահութիւնը»:
«Վերջին երկու տարուան ընթացքին Թրամփի ցուցաբերած վարուելակերպը ապացոյց մըն է, թէ նախագահը իր պաշտօնին բարձրութեան վրայ չէ», ընդգծեց Ռոմնի: