Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Թուրքիոյ Հետ Չէ Կրցած Համաձայնութիւն Գոյացնել Սուրիոյ Քիւրտերու Հարցին Շուրջ» Կ՛ըսէ Լաւրով

February 26, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, թէ Ռուսիան չէ կրցած Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւն գոյացնել Սուրիոյ քիւրտերու հարցին շուրջ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը:

Լաւրով Չինաստան եւ Վիեթնամ կատարած այցելութիւններու ընթացքին վիեթնամեան, չինական եւ «Ֆենիքս» պատկերասփիւռի կայաններուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է. «Թուրքիոյ հետ չենք կրցած համաձայնութեան գալ, թէ ո՛ր քիւրտերը կը նկատուին ահաբեկիչներ: Թուրքիան առանձին դիրքորոշում ունի: Կը հասկնանք անոնց անհանգստութիւնը, սակայն պէտք է լաւն ու վատը կարենան տարբերակել, թէ ո՛ր քիւրտերը կը նկատուին ծայրայեղական, իսկ որո՛նք Թուրքիոյ անվտանգութեան համար սպառնալիք են»:

Ան նաեւ նշած է, որ Ռուսիան, Թուրքիան եւ Իրանը Սուրիոյ մէջ միացեալ զինուորական գործողութիւններ չեն նախատեսեր` աւելցնելով. «Ռուսիան եւ Իրանը Սուրիոյ մէջ կը գործեն Դամասկոսի հրաւէրով: Թուրքիան ալ յայտնած էր իր անվտանգութեան ուղղուած մտահոգութեան մասին: Իսկ Դամասկոս դէմ է Սուրիոյ տարածքին թրքական զօրքերու ներկայութեան: Իր կարգին, Դամասկոս աջակցած է Սուրիոյ տարածքին զինադադարի եւ կառավարութեան ու ընդդիմադիր ուժերուն միջեւ երկխօսութիւն ապահովող Ասթանայի ձեւաչափին»:

Լաւրով. «Թրամփ Կը Փորձէ Միջին Արեւելքին Պարտադրել Շինծու «Արաբական ՕԹԱՆ» Մը»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ բոլոր ճամբաներով եւ միջոցներով կը փորձէ Միջին Արեւելքին պարտադրել ՕԹԱՆ-ի շինծու գաղափար մը եւ այդտեղ ստեղծել այսպէս կոչուած արաբական ՕԹԱՆ մը»:

Լաւրով Վիեթնամի Հօ Չին Մին քաղաքին մէջ միջազգային համախմբումի մը ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Միջին Արեւելքի ռազմավարական դաշինքը կամ այսպէս կոչուած ՄԵՍԱ-ն կամ Միջին Արեւելքի մէջ ՕԹԱՆ-ը, որ Թրամփի վարչակազմը ներկայիս կը փորձէ պարտադրել Ծոցի երկիրներուն, ինչպէս նաեւ Յորդանանին, Եգիպտոսին ու Իսրայէլին, անշուշտ, ի նպաստ Միացեալ Նահանգներուն ու անոր շահերուն է, եւ որեւէ կապ չունի շրջանի շահերուն ու հարցերուն հետ»:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ Իր Հրաժարականը Ներկայացուցած Է

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.