Միացեալ Նահանգներ մտադիր են 200 ամերիկացի զինուորներէ բաղկացած «ոչ մեծ խաղաղապահ զօրախումբ» ձգել Սուրիոյ մէջ` ամերիկեան ուժերու հեռացումէն ետք: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին հաղորդած է Սպիտակ տունը:
Սպիտակ տան բանբեր Սառա Սանտըրզ յայտարարած է. «Շուրջ 200 մարդէ բաղկացած ոչ մեծ խաղաղապահ զօրախումբը որոշ ժամանակ պիտի մնայ Սուրիոյ մէջ»:
Միւս կողմէ, հինգշաբթի ուշ գիշերին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ քննարկեց Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացման հարցը:
Սպիտակ տունը այդ առնչութեամբ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ երկու նախագահները «Սուրիոյ հարցով համաձայնած են ապահովական գօտիի ստեղծման կարելիութեան շուրջ համակարգումը շարունակել»:
Հաղորդագրութիւնը նաեւ նշեց. «Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար (Փաթրիք) Շանահան եւ (Ամերիկեան բանակի միացեալ սպայակոյտի պետ) զօրավար (Ճոզըֆ) Տանֆըրտ այս շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ պիտի հիւրընկալեն իրենց թուրք պաշտօնատարները` յաւելեալ բանակցութիւններ կատարելու համար»: