Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրած է Թուրքիոյ հետ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները պաշտօնապէս դադրեցնելու վերաբերող առաջարկը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապերլեր»-ը:
Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան վերաբերող Թուրքիոյ բանակցութիւնները դադրեցնելու հարցը քուէարկութեան դրուած է Թուրքիոյ հարցերով Եւրոպական խորհրդարանի զեկուցող Քեթի Փերիի առաջարկով:
Առաջարկը որդեգրուած է 40 թեր, 7 դէմ եւ 10 ձեռնպահ քուէներով: