Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երեսփոխանները Պիտի Կարենան «Պրեքզիթ»-ի Համաձայնութեան Շուրջ Վերջնական Քուէարկութիւն Մը Կատարել 12 Մարտին» Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Վարչապետը

February 25, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ յայտարարեց, որ բրիտանացի օրէնսդիրները պիտի կարենան «Պրեքզիթ»-ի համաձայնագիրին շուրջ «վերջնական քուէարկութիւն մը կատարել» եւ իրենց վերջնական խօսքը ըսել 12 մարտին:

Ան բացառեց այս շաբաթ Եւրոպական Միութեան հետ իր գոյացուցած համաձայնութեան շուրջ «իմաստալից քուէարկութեան» մը կարելիութիւնը, սակայն ըսաւ, թէ Եւրոպական Միութեան հետ «դրական բանակցութիւնները տակաւին ընթացքի մէջ են», եւ 29 մարտին միութենէն հեռանալը տակաւին «մեզի համար հասանելի է»:

Բրիտանիոյ վարչապետը յայտնեց, որ իր գլխաւորած խմբակը երեքշաբթի օր պիտի վերադառնայ Պրիւքսել` յաւելեալ բանակցութիւններ կատարելու համար, եւ «այդ պատճառով այս շաբաթ խորհրդարանը իմաստալից քուէարկութիւն կատարելու պիտի չհրաւիրենք, այլ պիտի ապահովենք, որ այդ մէկը տեղի ունենայ մինչեւ 12 մարտ»:

Նախքան այդ, Բրիտանիոյ կենսոլորտի նախարար Մայքըլ Կով նախարարաց խորհուրդի անդամ իր գործընկերներուն կոչ ուղղեց` չզօրակցելու «Պրեքզիթ»-ը ուշացնելու շուրջ խորհրդարանին մէջ քուէարկութեան մը, որովհետեւ ատիկա «սխալ արարք մը» պիտի ըլլայ:

Բրիտանացի երեսփոխանները չորեքշաբթի օր խորհրդարանի նիստի ընթացքին պիտի առաջարկեն շարք մը բարեփոխումներ` ցոյց տալու համար այն ուղղութիւնը, որ կ՛ուզեն, որ «Պրեքզիթ»-ը առնէ, սակայն ատիկա պիտի չըլլայ «իմաստալից քուէարկութիւն» մը, որ վերջնական խօսքի արտայայտութիւնը պիտի ըլլայ վարչապետ Մէյի գոյացուցած ընդհանուր համաձայնութեան շուրջ:

«Պրեքզիթ»-ի Վերաբերեալ Քաղաքական Նոր Հռչակագիրը Պիտի Որդեգրուի Եւրոպական Միութեան 21-22 Մարտի Վեհաժողովին

Եւրոպական Միութեան եւ Բրիտանիոյ ապագայ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ միացեալ քաղաքական հռչակագիրի բնագիրը, որ պիտի արտօնէ Իրլանտայի հետ Բրիտանիոյ սահմանի վիճելի հարցին լուծում գտնել, պաշտօնապէս պիտի որդեգրուի Եւրոպական Միութեան վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 21-22 մարտին: Այս մասին «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է Եւրոպական Միութենէն դիւանագէտ մը:

Լրատու գործակալութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը մինչեւ 28 փետրուար Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյին պիտի ներկայացնէ ընդհանուր կէտերը նոր փաստաթուղթին, զոր կը կոչեն «զուգահեռ հռչակագիր» կամ «մեկնաբանութիւններու գործիք» «Պեքսթոփի»` պաշտպանական մեքանիզմին վերաբերեալ, որ կոչուած է չարտօնել Իրլանտայի կղզիին մէջ սահմանի յայտնուիլը:

Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ժոզեփ Պորել 20 փետրուարին «Պլումպերկ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած էր, որ Եւրոպական Միութեան հետ Բրիտանիոյ ապագայ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ նոր միացեալ քաղաքական հռչակագիրը մշակման ընթացքի մէջ է: Ան ընդգծած էր, որ «Պրեքզիթ»-ի մասին պայմանագիրը վերատեսութեան ենթակայ չէ, սակայն զայն կարելի է մեկնաբանել կամ լրացնել այնպիսի ձեւակերպումներով, որոնք կրնան բաւարարել Եւրոպական Միութիւնը:

Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն հետ հանդիպումէ ետք յայտարարած էր. «Փակուղիի մէջ յայտնուած «Պրեքզիթ»-ի վերաբերող հերթական քննարկումները կառուցողական էին: Մինչդեռ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքեր ակնարկած էր, թէ այդքան ալ լաւատես չէ «հիւսիսային իրլանտական պեքսթոփ»-ի հարցին գծով»:

Միւս կողմէ` բրիտանական «Տը Սան» օրաթերթը հաղորդեց, որ բրիտանական կառավարութեան չորս ազդեցիկ նախարարներ` աշխատանքի եւ թոշակներու հարցերու նախարար Էմպըր Ռատ, արդարադատութեան նախարար Տէյվիտ Հոք, Առեւտուրի, ուժանիւթի եւ արդիւնաբերական ռազմավարութեան նախարար Կրեկ Քլարք եւ Սկովտիոյ գործերու նախարար Տէյվիտ Մանտել Թերեզա Մէյէն պահանջած են յետաձգել «Պրեքզիթ»-ի թուականը` խուսափելու համար երկրի Եւրոպական Միութենէն, առանց եւրոպացի գործընկերներու հետ համաձայնագիրի, դուրս գալէն:

Հակառակ պարագային, ըստ օրաթերթի տեղեկութիւններուն, նախարարները Բրիտանիոյ վարչապետին սպառնացած են «խռովութեամբ» եւ յայտնած, որ 27 փետրուարին խորհրդարանին մէջ պիտի քուէարկեն ի նպաստ «Պրեքզիթ»-ի ժամկէտի յետաձգման հարցը խորհրդարանի քննարկման յանձնելու նախաձեռնութեան:

 

 

 

Նախորդը

իրան առաջին անգամ ըլլալով թեւաւոր հրթիռ արձակած է մեծ խորութեան վրայ գտնուող սուզանաւէ

Յաջորդը

Քոլոմպիոյ Հետ Սահմանին Վրայ Բուռն Բախումներէ Ետք. Կուայտօ Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղէ` Մատուրոն Իշխանութենէն Հեռացնելու Համար Նկատի Ունենալու «Բոլոր Միջոցները»

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.