Եւրոպական Միութեան «Պրեքզիթ»-ի հարցով աւագ բանագնաց Միշել Պառնիէ յայտնեց. «Միութիւնը Բրիտանիոյ հետ «Պրեքզիթ»-ի շուրջ համաձայնութեան հասնելու համար յաւելեալ ժամանակի կարիքը չունի, այլ` որոշումի եւ իւրաքանչիւր կողմի իր պարտաւորութեան տէր կանգնելուն»:
«Այժմ բրիտանացիները պէտք է տէր կանգնին իրենց պարտաւորութիւններուն եւ ապահովեն արդիւնքը այն որոշումներուն, որոնք տուին ժողովրդավար կերպով», յայտարարեց ան: