Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն հեռացման հարցով պետական փոխնախարար Քուասի Քուարթենկ յայտնեց, որ իր երկիրը յառաջիկայ քանի մը օրերուն նախատեսուած Եւրոպական խորհուրդի վեհաժողովին նախօրեակին պիտի պահանջէ «Պրեքզիթ»-ի յետաձգումը` աւելցնելով, որ Բրիտանիա կը սպասէ, որ խորհուրդը իր վեհաժողովի ընթացքին այդ հարցով որոշում մը տայ:
Բրիտանիոյ խորհրդարանը անցեալ շաբաթ քուէարկած էր ի նպաստ 29 մարտին նախատեսուած «Պրեքզիթ»-ի յետաձգման: