
Ռուսիոյ մէջ Պահրէյնի դեսպան Ահմետ Ապտելռահման Սաաթի յայտնեց. «Սուրիոյ անդամակցութեան սառեցման որոշումը որդեգրուեցաւ Արաբական լիկայի եւ վեհաժողովի մակարդակին վրայ, ուստի Սուրիոյ վերադարձի որոշումը եւս պէտք է որդեգրուի Արաբական լիկային մէջ վեհաժողովի մակարդակի վրայ»:
«Մենք միշտ արաբական միասնականութեան կողքին ենք եւ մաղթենք, որ հարցերը վերադառնան իրենց բնականոն հունին, եւ մենք արաբական միաձայնութեան հետ ենք», ըսաւ ան:
«Պահրէյն կը ձգտի բնական հեղուկացուած կազի մարզին մէջ Ռուսիոյ հետ ռազմավարական գործընկերութեան հաստատման` զայն (բնական կազը) Ծոցի շրջան հասցնելու իմաստով», յայտնեց Պահրէյնի դեսպանը:


