Լաթվիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը դատապարտեց «Վաֆեն-Էս.Էս.»-ի լեգէոնականներուն եւ անոնց համակիրներուն Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ քայլարշաւը` զայն նկատելով ամօթալի արարք մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը:
Դեսպանատունը «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Ի՜նչ ամօթ: «Վաֆեն-Էս.Էս.»-ի նախկին լեգէոնականներ եւ անոնց համակիրները անգամ մը եւս պատիւով «կանոնաւոր կերպով կը քալեն» եւրոպական մայրաքաղաքի մը կեդրոնին մէջ: Եւ ասիկա տեղի կ՛ունենայ Ռիկայի` նացի ներխուժողներէն ազատագրման 75-ամեակի նախօրեակին»:
«Վաֆեն-Էս.Էս.» լաթվիական լեգէոնի մահացած անդամներու յիշատակին նուիրուած քայլարշաւները ամէն տարի 16 մարտին տեղի կ՛ունենան Ռիկայի մէջ: Աւելի քան 1000 անձեր մասնակցեցան Ռիկայի մէջ շաբաթ օր տեղի ունեցած արշաւին:
Քանատայի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը իր կարգին քննադատեց քայլարշաւը` նշելով, որ Լաթվիա այդ լեգէոնի անդամները կը նկատէ ազգային հերոսներ` շօշափելի փաստ մը, զոր չի կրնար անտեսուիլ իբրեւ «քրեմլինեան քարոզչութիւն»:
«Վաֆեն-Էս.Էս.»-ը նացի կուսակցութեան զինեալ մէկ թեւն է, որ հիմնուած է 1943-ին եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմին կռուած է Գերմանիոյ կանոնաւոր բանակի կողքին ու պահակներ տրամադրած է Գերմանիոյ մէջ եւ այլուր գտնուող համակեդրոնացման ճամբարներուն: Ան Նիւրեմպերկի դատավարութեան ընթացքին ճանչցուած է իբրեւ քրէական կազմակերպութիւն:



