ՆԱՍԱ-ն նշմարած է մեծ արագութեամբ դէպի Երկիր ուղղուող փոքր երկնաքար մը, զոր կոչած է «Ի.Էյ.2»:
ՆԱՍԱ-ի համաձայն, նշեալ փոքր երկնաքարի արագութիւնը երկվայրկեանի մը մէջ 5 քիլոմեթր է, եւ Երկիրին առաւելագոյն չափով պիտի մօտենայ 22 մարտին:
ՆԱՍԱ աւելցուց, որ փոքր երկնաքարը Երկիրի մօտէն պիտի անցնի 305 հազար քիլոմեթր հեռաւորութեան մը վրայ, ինչ որ շուրջ 80 հազար քիլոմեթրով աւելի մօտ է, քան Երկրէն Լուսնին հեռաւորութիւնը:
Փոքր երկնաքարին ճշգրիտ չափը տակաւին անծանօթ է, սակայն կ՛ենթադրուի, որ անոր երկայնքը 18-էն 40 մեթրի միջեւ է, եւ հակառակ անոր որ հեռաւորութիւնը մեծ է, սակայն Երկիրին հետ բախումի մը հետեւանքները մեծապէս աղէտալի պիտի ըլլան:
 
			


