Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Կոլանի Իսրայէլեան Բռնագրաւումին Օրինականացումը Պիտի Չարտօնենք»

Մարտ 23, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սուրիան Բուռն Կերպով Կը Դատապարտէ Կոլանի Վերաբերեալ Թրամփի «Անպատասխանատու» Յայտարարութիւնը

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնական աղբիւր մը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Սուրիան բուռն կերպով կը դատապարտէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` սուրիական բռնագրաւեալ Կոլանին վերաբերող անպատասխանատու խօսքերը, որոնք կու գան անգամ մը եւս հաստատելու Միացեալ Նահանգներու սիոնական բռնագրաւող գոյացութեան նկատմամբ կողմնակալութիւնը եւ անոր նախայարձակ վարմունքին նկատմամբ անսահման աջակցութիւնը»:

Նախարարութիւնը շեշտեց. «Բռնագրաւեալ Կոլանը Սուրիոյ հողերուն անքակտելի մասն է, եւ միջազգային օրէնքի արտօնած բոլոր միջոցներով իսրայէլեան բռնագրաւումէն ատոր վերատիրանալը կը շարունակէ մնալ սուրիական ազգային քաղաքականութեան մէջ առաջնահերթութիւն մը, եւ ատիկա յաւիտենական իրաւունք մըն է, որ ենթակայ չէ զիջումի կամ հրաժարումի, եւ անժամանցելի է»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Սուրիական Կոլանի բարձունքներուն իսրայէլեան բռնագրաւումի օրինականացումը պիտի չարտօնենք»:

«Կոլանի բարձունքներուն նկատմամբ Իսրայէլի գերիշխանութիւնը ճանչնալու Ուաշինկթընի որոշումը շրջանը կը դնէ նոր ճգնաժամի մը շէմին», նշեց ան:

Էրտողանի բանբեր Իպրահիմ Քալըն շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգներու այդ քայլը կրնայ սաստկացնել պաղեստինեւիսրայէլեան բախումները: Ան «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Պաղեստինեան հողերը բռնագրաւած Իսրայէլի անօրէն քայլերը օրինականացնել փորձելը կը նշանակէ աջակցիլ բռնագրաւումի քաղաքականութեան եւ խորացնել տագնապը»:

Թրամփ յայտնած էր. «52 տարի ետք, Ժամանակն է, որ Ամերիկան ճանչնայ Իսրայէլի ամբողջական գերիշխանութիւնը Կոլանի բարձունքներուն նկատմամբ, որոնք չափազանց կարեւոր ռազմավարական նշանակութիւն ունին Իսրայէլի անվտանգութեան ու շրջանային կայունութեան պահպանման համար»:

Սպիտակ տան բանբեր Սառա Սանտըրս «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, թէ Թրամփ աւելի շատ Իսրայէլի շահերով կ՛առաջնորդուի, քան Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ որեւէ այլ նախագահ` զինք կոչելով ամէնէն իսրայէլամէտ նախագահը:

Մինչ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շնորհակալութիւն յայտնեց Թրամփին` «Կոլանը ճանչնալու անոր քաջարի քայլին» համար, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հակադարձեց ըսելով. «Իսրայէլի ոտնձգութիւններուն օրինականութիւն շնորհելու փորձերը շրջանին մէջ յաւելեալ բռնարարքներու պիտի առաջնորդեն»: Ան երէկ Պոլսոյ մէջ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան Նոր Զելանտայի մզկիթներուն դէմ յարձակումին նուիրուած ժողովին ընթացքին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Կոլանի բռնագրաւումին զօրակցութիւնը ցեղապաշտական ու ահաբեկչական արշաւներուն զօրակցութիւն է»:

Եւրոպական Միութեան պաշտօնական բանբերը իր կարգին նշեց. «Միութիւնը չի ճանչնար Կոլանի նկատմամբ Իսրայէլի գերիշխանութիւնը»:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ յայտնեց. «Սուրիական Կոլանի նկատմամբ իսրայէլեան գերիշխանութեան որեւէ ճանաչում անկարեւոր է եւ անկէ որեւէ օրինականութիւն չի բխիր: Արաբական լիկան ամբողջականօրէն կը կանգնի իր բռնագրաւեալ հողին նկատմամբ սուրիական իրաւունքին կողքին, եւ այդ առնչութեամբ յստակ կեցուածք ունինք»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Կոլանի վերաբերեալ ամերիկեան յայտարարութիւնները ՄԱԿ-ի որոշումներուն ուղղակի ոտնահարում են: Կոլանի բարձունքներուն բնոյթը առանց Ապահովութեան խորհուրդին դիմելու փոխելը կը նկատուի ՄԱԿ-ի որոշումներու ոտնահարում»:

«Մոսկուա Կոլանի բարձունքները կը նկատէ Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած հող», աւելցուց նախարարութիւնը:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Կոլանը արաբական բռնագրաւեալ հող է, ըստ միջազգային օրինականութեան որոշումներուն»:

 

Նախորդը

Էրտողան Նովրուզի Տօնին Առիթով Հրապարակած Է Թրքերէն Եւ Քրտերէն Շնորհաւորական Ուղերձ Մը

Յաջորդը

«Պրեքզիթ»-ի Պայմանաւորեալ Յետաձգում

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?