Միջազգային

Թրքական Հետախուզութիւնը Եւս Պիտի  Ուսումնասիրէ Ութրեխթի Յարձակումին  Հեղինակին Մասին Տուեալները

Թրքական Հետախուզութիւնը Եւս Պիտի Ուսումնասիրէ Ութրեխթի Յարձակումին Հեղինակին Մասին Տուեալները

Թրքական հետախուզութիւնը եւս պիտի ուսումնասիրէ Հոլանտայի Ութրեխթ քաղաքին մէջ թրամուայի վրայ կրակ բացած թուրք Կէօքմեն Թանըշի մասին տեղեկութիւնները: «Պի.Պի.Սի.»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Էրտողան նշած է, որ այս հարցին վերաբերեալ արդէն խօսած է երկրի գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավարը: «Ոմանք կ՛ըսեն կենցաղային հողի վրայ ներընտանեկան խնդիր է, ոմանք ալ թէ` ահաբեկչութիւն...

Ղազախստանի Նախագահը Հրաժարեցաւ

Ղազախստանի Նախագահը Հրաժարեցաւ

Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ ժողովուրդին ուղղուած ուղերձի մը մէջ յայտարարած է, թէ կը հրաժարի իր պաշտօնէն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Մինչեւ նոր ընտրութիւն նախագահի լիազօրութիւնը պիտի կատարէ Ղազախստանի խորհրդարանի վերին պալատի նախագահ Քասըմ Ժոմարթ Թոքայեւը: Նազարպայեւ 1990-էն ի վեր կը վարէր նախագահի պաշտօնը:  

Հոլանտայի Ութրեխթ Քաղաքին Մէջ  Հրացանաձգութիւն

Հոլանտայի Ութրեխթ Քաղաքին Մէջ Հրացանաձգութիւն

Հոլանտական ոստիկանութիւնը երէկ յայտարարեց, որ զոհ մը եւ շարք մը վիրաւորներ արձանագրուած են, երբ զինեալ մը Հոլանտայի Ութրեխթ քաղաքին մէջ կրակ բացած է թրամուայի մը վրայ: Ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ դէպքը «կրնայ ահաբեկչական դրդապատճառներ ունենալ», եւ ամրապնդեց օդակայաններուն եւ կենսական վայրերուն մէջ անվտանգութեան միջոցառումները: Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռութթէ անմիջապէս կառավարութիւնը հրաւիրեց արտակարգ ժողովի: Հոլանտական ոստիկանութիւնը աւելի ուշ յայտնեց, որ դէպքին առնչութեամբ...

«Ոչ Ոք Պիտի Կարենայ Իսթանպուլը Դարձեալ  Կոստանդնուպոլիսի Վերածել»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Ոչ Ոք Պիտի Կարենայ Իսթանպուլը Դարձեալ Կոստանդնուպոլիսի Վերածել» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց. «Թուրք ժողովուրդը պիտի մնայ Իսթանպուլի մէջ, եւ ոչ ոք պիտի կարենայ այս քաղաքը դարձեալ Կոստանդնուպոլիսի վերածել»: «Մենք այստեղ պիտի մնանք մինչեւ վերջին դատաստանը, եւ Իսթանպուլը Կոստանդնուպոլիսի պիտի չվերածէք», աւելցուց ան: «Թուրքիան թիրախ դառնալու պարագային, անոր ժողովուրդը պիտի չտատամսի Չանաքքալէն թշնամիներուն գերեզմանին վերածել, ճիշդ ինչպէս ըրաւ 104 տարի առաջ», ըսաւ ան` ողջունելով «արդի Թուրքիոյ հիմնադիր...

Զօր. Տանֆըրտ Կը Հերքէ Սուրիոյ Մէջ  1000 Ամերիկացի Զինուորներ Պահելու Մասին Լուրը

Զօր. Տանֆըրտ Կը Հերքէ Սուրիոյ Մէջ 1000 Ամերիկացի Զինուորներ Պահելու Մասին Լուրը

Ամերիկեան բանակի միացեալ սպայակոյտի պետ զօր. Ճոզըֆ Տանֆըրտ հերքեց «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին հրապարակած այն լուրը, թէ ամերիկեան բանակը Սուրիոյ մէջ շուրջ 1000 ամերիկացի զինուորներ պահելու ծրագիր մը կը մշակէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»-ը: «Փետրուարին յայտարարուած ծրագիրին մէջ որեւէ փոփոխութիւն չկայ, եւ կը շարունակենք գործադրել ամերիկեան ուժերը չնչին ներկայութեան նուազեցնելու նախագահի ցուցմունքը», ըսաւ Տանֆըրտ: Ան արտասովոր քայլով մը հաստատեց,...

Թուրքիա-Իրան Սահմանին Վրայ  ՔԱԿ-ի Դէմ Միացեալ Գործողութիւն

Թուրքիա-Իրան Սահմանին Վրայ ՔԱԿ-ի Դէմ Միացեալ Գործողութիւն

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու յայտարարեց, թէ թրքական եւ իրանեան բանակները երէկ առաւօտուն Թուրքիա-Իրան սահմանին վրայ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դէմ միացեալ գործողութիւն մը շղթայազերծած են: Նախքան այդ, Իրանի ներքին գործոց փոխնախարար Հուսէյն Զուլֆիարի Թեհրանի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած էր, թէ Իրանի սահմանային անվտանգութեան նկատառումներէն մեկնելով` կը պատրաստուին Թուրքիոյ հետ սահմանային անվտանգութեան ուղղուած միացեալ քայլերու ձեռնարկելու:...

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Մէջ  Քաղաքական Բանտարկեալներու Ազատ Արձակումը

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Մէջ Քաղաքական Բանտարկեալներու Ազատ Արձակումը

Եւրոպական Միութիւնը ողջունեց Ազրպէյճանի մէջ 40 քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը, որ տեղի ունեցած է Նովրուզի տօնին առիթով: «Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Եւրոպական արտաքին քաղաքականութեան ծառայութեան պաշտօնական յայտարարութեան մէջ: Համաներման արժանացած մարդոց մէջ եղած են քաղաքական կուսակցութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, պլոկըրներ եւ լրագրողներ: «Այս քայլը կ՛ընկալուի հաւանութեամբ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ, որուն մէջ Եւրոպական Միութիւնը յոյս կը...

Էրտողան. «Չեն Կրնար Ըսել, Թէ  Նոր Զելանտայի Գործողութեան Հեղինակը Քրիստոնեայ Ահաբեկիչ Մըն Է»

Էրտողան. «Չեն Կրնար Ըսել, Թէ Նոր Զելանտայի Գործողութեան Հեղինակը Քրիստոնեայ Ահաբեկիչ Մըն Է»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Բոլորը, նախ եւ առաջ ՄԱԿ-ը Նոր Զելանտայի յարձակումը կը նկատեն իսլամութեան դէմ յարձակում մը, սակայն չեն կրնար ըսել, թէ ան (յարձակումին հեղինակը, «Ա.») քրիստոնեայ ահաբեկիչ մըն է»: Էրտողան Իզմիրի մէջ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հաւաքի ընթացքին նշեց. «Եւրոպական խորհուրդը ՔԱԿ եւ Կիւլեն ահաբեկչական կազմակերպութիւններու պնդումները օգտագործելով մեր դէմ յարձակում կը գործէ: Ամբողջովին...

Այսրյորդանանի Մէջ Երեք  Իսրայէլացիներ Սպաննուեցան

Այսրյորդանանի Մէջ Երեք Իսրայէլացիներ Սպաննուեցան

Այսրյորդանանի մէջ իսրայէլեան Արիյիլ բնակեցման վայրին մօտ կատարուած հրացանաձգութեան պատճառով սպաննուեցան երեք իսրայէլացիներ: Յարձակումին հեղինակը յաջողեցաւ խլել իսրայէլացի զինուորներէն մէկուն զէնքը եւ գործողութիւնը կատարելէ ետք փախուստի դիմել: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ արձանագրուած են չորս վիրաւորներ, որոնցմէ երեքին վիճակը ծանր է: Ըստ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութեան, գործողութիւնը կը բաղկանար դանակահարումէ եւ հրացանաձգութենէ, եւ գործողութեան հեղինակը գրաւած է զէնք մը եւ...

Բրիտանիոյ Վարչապետը Կը Զգուշացնէ  «Պրեքզիթ»-ի Երկարատեւ Յետաձգումէն,  Եթէ Խորհրդարանը Չվաւերացնէ Եւրոպական Միութեան  Հետ Գոյացած Համաձայնութիւնը

Բրիտանիոյ Վարչապետը Կը Զգուշացնէ «Պրեքզիթ»-ի Երկարատեւ Յետաձգումէն, Եթէ Խորհրդարանը Չվաւերացնէ Եւրոպական Միութեան Հետ Գոյացած Համաձայնութիւնը

Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ խորհրդարանի անդամները զգուշացուց, որ եթէ չվաւերացնեն Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու համար իր գոյացուցած համաձայնութիւնը, ապա «Պրեքզիթ»-ը պիտի դիմագրաւէ երկարատեւ յետաձգում մը, որ կրնայ ներառել Եւրոպական խորհրդարանի յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասնակցութիւն: Նշենք, որ բրիտանացի օրէնսդիրները արդէն երկու անգամ մերժած են Մէյի գոյացուցած համաձայնութիւնը: Բրիտանիոյ վարչապետը «Պրեքզիթ»-ի կողմնակիցներուն ճշդեց պայմանաժամ մը` կա՛մ մինչեւ 21 մարտին նախատեսուած Եւրոպական խորհուրդի վեհաժողովը...

Մաքրոն «Դեղին Բաճկոններ» Շարժումի  Մասնակիցները Կը Մեղադրէ «Հանրապետութիւնը  Ոչնչացնելու» Մտադրութեան Յանցանքով

Մաքրոն «Դեղին Բաճկոններ» Շարժումի Մասնակիցները Կը Մեղադրէ «Հանրապետութիւնը Ոչնչացնելու» Մտադրութեան Յանցանքով

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն խիստ քննադատութեան ենթարկեց «դեղին բաճկոններ» շարժումի մասնակիցները` շաբաթ օր Փարիզի մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններուն համար: Ֆրանսայի նախագահը «Թուիթըր»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ գրառում մը կատարելով մեղադրեց շարժման անդամները` հանրապետութիւնը կործանելու մտադրութեան յանցանքով: «Այն ինչ որ տեղի ունեցաւ այսօր Շանզ Էլիզէի մէջ` արդէն չի կրնար ցոյց կոչուիլ: Անոնք մարդիկ են, որոնք կ՛ուզեն ոչնչացնել հանրապետութիւնը: Ատոր մասնակից են...

«Ամերիկեան Ուժերու Սուրիայէն Հեռացման  Ժամանակացոյց Մը Գոյութիւն Չունի»  Կ՛ըսէ Ճեֆրի

«Ամերիկեան Ուժերու Սուրիայէն Հեռացման Ժամանակացոյց Մը Գոյութիւն Չունի» Կ՛ըսէ Ճեֆրի

Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճէյմս Ճեֆրի յայտնեց. «Ամերիկեան ուժերուն Սուրիայէն հեռացման ժամանակացոյց մը գոյութիւն չունի»: «Կը կարծենք, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի 15-էն 20 հազար հետեւորդներ կան, որոնցմէ շատերը` թաքնուած բջիջներու մէջ», նշեց ան:

Նոր Զելանտայի Մէջ Երկու  Մզկիթներու Դէմ  Կատարուած Յարձակում Մը  Պատճառեց Բազմաթիւ Զոհեր

Նոր Զելանտայի Մէջ Երկու Մզկիթներու Դէմ Կատարուած Յարձակում Մը Պատճառեց Բազմաթիւ Զոհեր

Նոր Զելանտայի Քրայսթչըրչ քաղաքին մէջ երկու մզկիթներու դէմ կատարուած զինեալ յարձակում մը պատճառեց 49 զոհեր: Առաջին մզկիթը կը գտնուէր Քրայսթչըրչի կեդրոնական թաղամասին մէջ, իսկ երկրորդը` քաղաքի արուարձաններէն Լինվուտի մէջ: Նոր Զելանտայի վարչապետ Ճասինտա Արտըն յարձակումը նկատեց «ահաբեկչական»` աւելցնելով. «Ասիկա Նոր Զելանտայի մէջ ամէնէն սեւ օրերէն մէկն է... յստակ է, թէ այն, ինչ որ պատահեցաւ, արտասովոր բռնարարք մըն է եւ իր...

Իսրայէլեան Օդուժը  Ռմբակոծեց Կազան

Իսրայէլեան Օդուժը Ռմբակոծեց Կազան

Իսրայէլեան օդուժը երէկ արշալոյսին իրերայաջորդ յարձակումներ գործեց Կազայի մէջ Համաս եւ  Իսլամական Ժիհատ շարժումներու դիրքերուն դէմ: Իսրայէլեան բանակը հինգշաբթի գիշեր հաղորդած էր, թէ Կազայի հիւսիսային բաժինէն արձակուած երկու հրթիռներ ինկած են Թել Աւիւի Ղոշ Տան շրջանին մէջ: Իսրայէլեան բանակը հրթիռարձակման համար պատասխանատու նկատած էր Համաս շարժումը: Ռաֆահի մէջ իսրայէլեան օդուժը հարուածեց տուն մը, ուր վիրաւորուեցաւ պաղեստինցի մը եւ իր կինը:...

Միացեալ Նահանգներ Անգամ Մը  Եւս Կը Զգուշացնեն Թուրքիան

Միացեալ Նահանգներ Անգամ Մը Եւս Կը Զգուշացնեն Թուրքիան

Ուաշինկթըն հերթական նախազգուշացում ուղղած է Թուրքիոյ` ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը ձեռք բերելու հարցով: «Ատիկա ոչ թէ զուտ առեւտուր է, այլ` ՕԹԱՆ-ի համար ազգային անվտանգութեան հարց», «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան ըսած են ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեաները` անանուն մնալու պայմանով: «Խնդիրը այն է, որ ռուսական համակարգերն ու ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչները չեն կրնար համատեղուիլ», ընդգծած են Փենթակոնի ներկայացուցիչները: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը անցեալ...

Պունտըսթակի Մէջ Թրքական Բանակի Սուրիոյ Մէջ  Կատարած Գործողութիւնները Բռնագրաւում Կոչած Են

Պունտըսթակ Շթրենցը Տուգանքի Ենթարկեց` Ալիեւի Ի Նպաստ Լոպիինկով Զբաղելուն Համար

  Գերմանիոյ խորհրդարանը վարչապետ Անկելա Մերքելի կուսակից, Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութենէն երեսփոխան Քարին Շթրենցին պարտաւորեցուց 20 հազար եւրոյի տուգանք վճարել` Ազրպէյճանի բռնապետական վարչակազմէն գումարներ ստանալու եւ Ալիեւի ի նպաստ լոպիինկով զբաղելուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը` մէջբերելով գերմանական «Տեր Շփիկըլ» օրաթերթը: Ըստ գերմանական օրաթերթին, որոշումը տրուած է հինգշաբթի օր` խորհրդարանի նախագահութեան փակ նիստին ընթացքին: Նախապէս Պունտըսթակը խիստ դիտողութեան...

Եւրոպական Խորհրդարանը Եւրոպական Միութեան  Անդամ Երկիրներուն Կոչ Կ՛ուղղէ  «Մակնիթսքիի Օրէնք»-ին Նման  Պատժամիջոցներու Շրջանակ Որդեգրելու

Եւրոպական Խորհրդարանը Եւրոպական Միութեան Անդամ Երկիրներուն Կոչ Կ՛ուղղէ «Մակնիթսքիի Օրէնք»-ին Նման Պատժամիջոցներու Շրջանակ Որդեգրելու

Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրած է բանաձեւ մը, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն կոչ կ՛ուղղէ որդեգրելու ամերիկեան «Մակնիթսքիի օրէնք»-ին նման պատժամիջոցներու շրջանակ մը` մարդու իրաւունքները ոտնահարողները պատժելու համար: Որդեգրուած բանաձեւը Եւրոպական խորհուրդին, Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր 28 երկիրներուն կոչ կ՛ուղղէ` «արագօրէն հիմնելու Եւրոպական Միութեան տարածքին մէջ գերիշխան, ճկուն եւ արագ արձագանգման պատժամիջոցներու դրութիւնը, որ կ՛արտօնէ թիրախաւորել ոեւէ անհատ, պետական եւ ոչ պետական...

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Ընդունած Է  Քերչի Նեղուցին Մէջ Ռուսիոյ  Գործողութիւնները Դատապարտող Բանաձեւ Մը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Չեղեալ Յայտարարեց Մեքսիքայի Հետ Սահմանին Վրայ Արտակարգ Դրութեան Հրամանագիրը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը որդեգրեց բանաձեւ մը, որ չեղեալ կը յայտարարէ Մեքսիքայի հետ սահմանին վրայ արտակարգ դրութեան մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրամանագիրը: Ծերակոյտի 100 անդամներէն 59-ը բանաձեւին թեր քուէարկեցին, իսկ 41-ը դէմ: Փաստաթուղթին որդեգրումը կարելի դարձաւ, երբ զայն պաշտպանեցին քանի մը հանրապետականներ, որոնք Ծերակոյտին մէջ ունին 52 ձայն: Նախապէս բանաձեւը որդեգրուած էր Ներկայացուցիչներու տան կողմէ: Այժմ փաստաթուղթը պէտք է...

Բրիտանիոյ Խորհրդարանը Համաձայն  Գտնուեցաւ «Պրեքզիթ»-ի Յետաձգման

Բրիտանիոյ Խորհրդարանը Համաձայն Գտնուեցաւ «Պրեքզիթ»-ի Յետաձգման

Բրիտանիոյ խորհրդարանը որդեգրեց երկրի` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու պաշտօնական ժամկէտի յետաձգման վերաբերեալ կառավարութեան առաջարկը: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն: Համայնքներու պալատի երեսփոխաններէն 412-ը թեր քուէարկեցին կառավարութեան առաջարկին, իսկ 202-ը` դէմ: Եթէ մինչեւ 20 մարտ երեսփոխանները քուէարկեն ի նպաստ Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնագիրին, ապա Բրիտանիոյ կառավարութիւնը պէտք է խնդրագիր ուղարկէ Պրիւքսել` «Պրեքզիթ»-ի մինչեւ 30 յունիս թեքնիք յետաձգման համար, որմէ ետք փոփոխութիւններուն...

Շուրջ 40 Երկիրներ Կը Դադրեցնեն  «Պոյինկ 737 Մաքս8»-ի Թռիչքները

Շուրջ 40 Երկիրներ Կը Դադրեցնեն «Պոյինկ 737 Մաքս8»-ի Թռիչքները

Շուրջ 40 երկիրներ, ներառեալ Եւրոպական Միութեան բոլոր անդամները, դադրեցուցած են «Պոյինկ 737 Մաքս 8»-ի թռիչքները` անցեալ շաբաթավերջին Եթովպիոյ մէջ տեղի ունեցած եւ 157 զոհ պատճառած աղէտէն ետք: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Նշենք, որ այդ երկիրներու շարքին են Լիբանանը եւ Հայաստանը: Ատիկա վերջին վեց ամսուան ընթացքին այդ տիպի օդանաւի երկրորդ ջախջախումն էր, ինչ որ լուրջ մտահոգութիւններ ստեղծած է...

Page 541 of 884 1 … 540 541 542 … 884

Արխիւներ