Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Նովրուզի Տօնին Առիթով Հրապարակած Է Թրքերէն Եւ Քրտերէն Շնորհաւորական Ուղերձ Մը

March 23, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Նովրուզի տօնին առիթով «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր պաշտօնական էջին վրայ թրքերէն եւ քրտերէն շնորհաւորական ուղերձ մը հրապարակած է:

«Կը շնորհաւորեմ գարնան գալուստը խորհրդանշող, մեզի համար, մեր բոլոր տարբերութիւնները յաղթահարելով, մեր անցեալին ու ապագային միասնական տէր կանգնելու իմաստը կրող Նովրուզի օրը», գրած է Էրտողան:

Թրքական լրատուամիջոցները նախագահի քրտերէն գրուած ուղերձը նկատած են նշանակալի` հաշուի առնելով, որ Թուրքիոյ մէջ հիմնականին մէջ քիւրտերու կողմէ նշուող Նովրուզի ընթացքին միշտ բռնաճնշումներ եւ զանգուածային ձերբակալութիւններ ու նոյնիսկ սպանութիւններ տեղի ունեցած են:

Էրտողան Նովրուզի տօնին առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած էր նաեւ 2006-ին, սակայն այդ ժամանակ բաւարարուած էր միայն թրքերէնով:

Թրքական «Էվրենսել» օրաթերթը կը յիշեցնէ, թէ 1992-ին Նովրուզի տօնակատարութիւններուն ընթացքին քիւրտ բնակչութեան եւ ոստիկանութեան միջեւ բախումներու պատճառով արձանագրուած էր 24 զոհ: Սպանութիւններու եւ ձերբակալութիւններու դէպքերը շարունակուած են նաեւ հետագայ տարիներուն: Թուրքիոյ քիւրտերուն համար առաւել նշանակալից էր 2013-ի Նովրուզը, երբ Տիգրանակերտի մէջ հրապարակաւ կարդացուեցաւ Իմրալը կղզիին մէջ ցկեանս բանտարկուած Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) հիմնադիր Ապտուլլա Օճալանի ուղերձը, որով ան քիւրտ զինեալներուն կոչ կ՛ուղղէր վար դնել զէնքը եւ բռնել Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւններու ուղին:

2016-ին Նովրուզի տօնակատարութիւնները դարձեալ արգիլուեցան քրտաբնակ քաղաքներուն մէջ, ինչպէս Սասունի, Շըրնաքի, Տերսիմի եւ Բիւրակնի մէջ: Թուրքիոյ մէջ «Նովրուզի վերջին զոհը» 2017-ին սպաննուած քիւրտ ուսանող Քեմալ Քորքուտն էր, որ մերժած էր հանրահաւաքի տարածք մտնելէ առաջ ոստիկանութեան կողմէ խուզարկուելու պահանջը:

 

Նախորդը

Հայ Ուսանողի Ֆոնտ. 61 Ուսանողներ Արդէն Ստացան Յատկացումներ

Յաջորդը

Էրտողան. «Կոլանի Իսրայէլեան Բռնագրաւումին Օրինականացումը Պիտի Չարտօնենք»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.