Միջազգային

«Էրտողանի Միանձնեայ  Վարչակարգը Տապալեցաւ»  Կ՛ըսէ Փայլան

«Էրտողանի Միանձնեայ Վարչակարգը Տապալեցաւ» Կ՛ըսէ Փայլան

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխան Կարօ Փայլան անդրադարձած է Պոլսոյ քաղաքապետի ընտրութեան արդիւնքին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Պիանեթ» կայքը: «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ընտրողները անցեալ ընտրութիւններէն աւելի վճռականօրէն գացին ընտրութիւններուն: Այս պահուս միանձնեայ վարչակարգը տապալեցաւ, այս ընտրութեան ամէնէն կարեւոր արդիւնքը այդ է: Բազմակարծութիւն ունեցող ժողովրդավարութեան համար այժմ միասին պէտք է մեր թեւերը ծալենք եւ վաղը, առանց նայելու, թէ ո՛վ...

Փութինի Հրամանով Ռուսիոյ Կեդրոնական  Ռազմական Շրջանին Մէջ Սկսած Է Մարտական  Պատրաստութեան Անսպասելի Ստուգում

Փութինի Հրամանով Ռուսիոյ Կեդրոնական Ռազմական Շրջանին Մէջ Սկսած Է Մարտական Պատրաստութեան Անսպասելի Ստուգում

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ, երկրի զինեալ ուժերու գերագոյն հրամանատար Վլատիմիր Փութինի որոշումով` երէկ Կեդրոնական ռազմական շրջանին մէջ մարտական պատրաստութեան անսպասելի ստուգում սկսած է: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Այսօր` 24 յունիսին, Ռուսիոյ զինեալ ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարի որոշումին համաձայն, Կեդրոնական զինուորական շրջանի ուժերու եւ զօրքերու անսպասելի ստուգում սկսած է», ըսած է...

Վրաստանի Մէջ Ցոյցերը Կը Շարունակուին.  «Ռուսթաւի 2»-ի Ղեկավարը Յայտնած Է, Որ  Իշխանութիւնները Կ՛ուզեն  Ներխուժել Պատկերասփիւռի Կայան

Վրաստանի Մէջ Ցոյցերը Կը Շարունակուին. «Ռուսթաւի 2»-ի Ղեկավարը Յայտնած Է, Որ Իշխանութիւնները Կ՛ուզեն Ներխուժել Պատկերասփիւռի Կայան

Վրաստանի իշխանութիւնները կրնան հրաման արձակել ներխուժելու  ընդդիմադիր «Ռուսթաւի 2» պատկերասփիւռի կայան, յայտարարած է կայանի տնօրէն Նիքա Գվարամիան: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Երկու աղբիւրներէ տեղեկացած ենք, որ բռնի ուժով պիտի ներխուժեն մեր կայանը», ըսած է Գվարամիան` աւելցնելով, որ եթէ  նման բան ըլլայ, ապա ատիկա պիտի հասցնէ երկրին մէջ ժողովուրդի  անկառավարելի յուզումներու: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն տեղեկացուցած է նաեւ, որ...

Պոլսոյ Քաղաքապետի Ընտրութիւն.  Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութեան  Թեկնածուն Դարձեալ Պարտութեան Մատնուեցաւ

Պոլսոյ Քաղաքապետի Ընտրութիւն. Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութեան Թեկնածուն Դարձեալ Պարտութեան Մատնուեցաւ

Երէկ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ նոր քաղաքապետի ընտրութեան կրկնութիւնը: 31 մարտին տեղի ունեցած նախկին քուէարկութիւնը անցեալ ամիս չեղեալ նկատուեցաւ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբին կողմէ: Քուէարկութիւնը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 8:00-ին եւ աւարտեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին: Քաղաքի 39 շրջաններուն մէջ տեղադրուած էին 31,342 քուէատուփեր: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պոլսոյ Սկիւտար շրջանին մէջ քուէարկելէ ետք լրագրողներուն ըսաւ. «Պոլսոյ քուէարկողները քաղաքին համար...

Ուաշինկթըն Այսօր Յաւելեալ  Պատժամիջոցներ Պիտի Հաստատէ Իրանի Դէմ

Ուաշինկթըն Այսօր Յաւելեալ Պատժամիջոցներ Պիտի Հաստատէ Իրանի Դէմ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շաբաթ օր Քամփ Տէյվիտ մեկնելէ առաջ լրագրողներուն յայտնեց. «Պիտի մեկնիմ Քամփ Տէյվիտ` Իրանի շուրջ խորհրդակցելու համար»: Ան աւելցուց, որ զինուորական քայլը տակաւին սեղանի վրայ է: Ան ըսաւ, թէ կ՛ուզէ «հակառակորդին հոյակապ բաներ կատարել` երկար ժամանակէ ի վեր»: «Իրան կ՛ուզէ անգամ մը եւս հարուստ երկիր մը ըլլալ: Իրանը անգամ մը եւս մեծ դարձնենք»: «Կ՛ուղղուինք դէպի Իրանի...

Եթովպիոյ Մէջ Յեղաշրջումի Փորձ

Եթովպիոյ Մէջ Յեղաշրջումի Փորձ

Եթովպիական պաշտօնական լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ Եթովպիոյ Ամհարա նահանգի վարչապետը եւ այլ պաշտօնատար մը սպաննուած են յեղաշրջումի փորձի մը ընթացքին: Եթովպիոյ վարչապետ Ապէի Ահմետ յայտարարեց, թէ եթովպիական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Սիարի Միքոնին հրացանաձգութեան ենթարկուելով վիրաւորուած է: Յայտարարութենէն ժամեր առաջ կառավարութիւնը յայտարարած էր, թէ երկրին հիւսիս-արեւմուտքը «յեղաշրջման փորձ» կատարուած է: Ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու, զօրավարը սպաննուած է իր թիկնապահին կողմէ:...

«Իրան Պէտք Է Դիւանագիտութեան Ճամբով  Հակադարձէ Եւ Ոչ Թէ Զինուորական Ճամբով»  Կ՛ըսէ Հուք

«Իրան Պէտք Է Դիւանագիտութեան Ճամբով Հակադարձէ Եւ Ոչ Թէ Զինուորական Ճամբով» Կ՛ըսէ Հուք

Իրանի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Պրայըն Հուք Սէուտական Արաբիա իր այցելութեան ընթացքին յայտնեց, որ ամերիկեան կողմը դիւանագիտական բաւարար ջանք կը թափէ, եւ Իրան պէտք չէ հակադարձէ զինուորական ուժի կիրարկումով: Հուք Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանութեան նախարար Խալետ պըն Սալմանի ընկերակցութեամբ աչքէ անցուց Սէուտական Արաբիոյ կողմէ վար առնուած եմէնեան անօդաչու թռչող սարքերու եւ հրթիռներու բեկորները: Ամերիկացի պաշտօնատարը ըսաւ. «Մեր դիւանագիտութիւնը Իրանին զինուորական...

Թուրքիոյ Մէջ 17 Մարդ 141 Տարուան  Բանտարկութեան Դատապարտուած Են

Թուրքիոյ Մէջ 17 Մարդ 141 Տարուան Բանտարկութեան Դատապարտուած Են

Անգարայի դատարանը հրապարակած է 15 յուլիս 2016-ին Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջման փորձ կատարելու համար կասկածուող, իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի կազմակերպութեան կողմնակից եղողներու դատավճիռները, որոնք այդ օր գտնուած են Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի շէնքին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Գործի ծիրին մէջ կասկածելիներուն թիւը 224 է: Անոնց շարքին է Թուրքիոյ օդուժի նախկին հրամանատար Աքըն Էօզթիւրք: Դատարանը 17 մարդ,...

«Թրիփոլիի Մէջ Զինուորական Գործողութիւնը  Պիտի Չդադրի Մինչեւ Նպատակի Ամբողջացումը»  Կ՛ըսէ Զօր. Հաֆթար

«Թրիփոլիի Մէջ Զինուորական Գործողութիւնը Պիտի Չդադրի Մինչեւ Նպատակի Ամբողջացումը» Կ՛ըսէ Զօր. Հաֆթար

Լիպիական ազգային բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Խալիֆա Հաֆթար յայտնեց, որ «Թրիփոլիի մէջ զինուորական գործողութիւնը պիտի չդադրի մինչեւ նպատակի ամբողջացումը»` աւելցնելով. «Ատոր նպատակը գետնի վրայ կացութիւնը սրբագրելն է»: Ան Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ իր ուժերուն կացութիւնը նկատեց հոյակապ` լիպիացի ժողովուրդին կոչ ուղղելով` ականջ չտալու այն տարաձայնութեանց, թէ իր ուժերը կրնան նահանջել կամ կը մտածեն ներկայ փուլին կանգ առնել: «Զինուորական գործողութիւնը պիտի...

Աշխարհի Վրայ Գաղթականներու Եւ Ներքին  Տեղահանուածներու Թիւը Հասած Է Շուրջ 71 Միլիոնի

Աշխարհի Վրայ Գաղթականներու Եւ Ներքին Տեղահանուածներու Թիւը Հասած Է Շուրջ 71 Միլիոնի

ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերով գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը իր տարեկան «Համաշխարհային միտումներ» զեկուցումին մէջ ներկայացուցած է աշխարհի վրայ գաղթականներու, ներքին տեղահանուածներու եւ ապաստան հայցողներու թիւը: Այս մասին կը հաղորդէ ամերիկեան «Թայմ» պարբերաթերթը: 2018 թուականին ամբողջ աշխարհի վրայ պատերազմներու, բռնաճնշումներու եւ այլ վայրագութիւններու պատճառով անոնց թիւը աւելցած է 2,3 միլիոնով եւ հասած շուրջ 71 միլիոնի: Նախորդ տարուան վերջաւորութեան աշխարհի վրայ կար 25,9 միլիոն...

Ռատայի Երեսփոխանին Համաձայն.  Ուքրանիոյ Նախագահի Խումբը  Կը Նախապատրաստուի Փութինի Հետ Հանդիպումի

Ռատայի Երեսփոխանին Համաձայն. Ուքրանիոյ Նախագահի Խումբը Կը Նախապատրաստուի Փութինի Հետ Հանդիպումի

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի խումբը նախապատրաստական աշխատանքներ կը կատարէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման նպատակով: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին «112 Ուքրայինա» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է Ուքրանիոյ Գերագոյն Ռատայի երեսփոխան Միխայիլ Փոփլավսքին: Աղբիւրին համաձայն, ան նշած է, թէ հանդիպումի ընթացքին Զելենսքի պիտի յայտարարէ, թէ Խրիմը եւ Տոնպասը կը պատկանին Ուքրանիոյ: «Տեղեկութիւններուս համաձայն, նախագահին խումբը կը պատրաստուի, որովհետեւ...

«Մտադիր Ենք Յարգել Թայուանը Փեքինի  Քայլերէն Պաշտպանելու Մեր Յանձնառութիւնները  Կ՛ըսէ Պոլթըն

«Մտադիր Ենք Յարգել Թայուանը Փեքինի Քայլերէն Պաշտպանելու Մեր Յանձնառութիւնները Կ՛ըսէ Պոլթըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթըն յայտարարեց, թէ իր երկիրը մտադիր է յարգել Թայուանը Չինաստանի քայլերէն պաշտպանելու իր յանձնառութիւնը: Ան ընկերային ցանցի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Չինական զինուորական սադրանքները Թայուանի մէջ սրտերն ու միտքերը պիտի չգրաւեն, այլ պիտի զօրացնեն աշխարհի բոլոր կողմերուն մէջ ժողովրդավարութիւնը գնահատող մարդոց վճռակամութիւնը»: «Թայուանի հետ յարաբերութիւններու օրէնքն ու ատոր նկատմամբ մեր յանձնառութիւնը յստակ են»,...

«Եւրոպան Պէտք Չէ Պարէ Թրամփի Սրինգին Տակ»  Կ՛ըսէ Աւստրիոյ Նախագահը

«Եւրոպան Պէտք Չէ Պարէ Թրամփի Սրինգին Տակ» Կ՛ըսէ Աւստրիոյ Նախագահը

Եւրոպական Միութիւնը պէտք է Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութենէն աւելի անկախ քաղաքականութիւն վարէ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտնած է Աւստրիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վան տեր Պելեն` գերմանական «Վելթ» օրաթերթին հետ կատարած հարցազրոյցին մէջ: «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ առանց որեւէ պատճառի դուրս եկաւ Իրանի հետ հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ համաձայնագիրէն, որ Ուաշինկթըն կը քննարկէր երկար տարիներէ ի վեր, ինչպէս նաեւ...

Միացեալ Նահանգներու Մոնթանա Նահանգի  Բնակիչները Նահանգը Քանատային Ծախելու  Դիմումնագիր Մը Կը Ստորագրեն

Միացեալ Նահանգներու Մոնթանա Նահանգի Բնակիչները Նահանգը Քանատային Ծախելու Դիմումնագիր Մը Կը Ստորագրեն

Հազարաւոր ամերիկացիներ համացանցի վրայ ստորագրեցին դիմումնագիր մը, որ կ՛առաջարկէ ամերիկեան պետական մեծ պարտքի դիմակայման ոչ աւանդական լուծում մը` երկրի նահանգներէն մէկը ծախել Քանատային: Այս մասին կը հաղորդէ ամերիկեան «Թայմ» պարբերաթերթը: Դիմումնագիրը ստորագրած 12 հազար քաղաքացիները կը պահանջեն Միացեալ Նահանգներու հիւսիսարեւմտեան Մոնթանա նահանգը Քանատային ծախել 1 եռիլիոն տոլարի: Դիմումնագիրը կը նշէ, որ նշեալ նահանգը ծախելը մեծապէս պիտի նպաստէ փետրուարին 22 եռիլիոն...

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի.  Թրամփ Մետասաներորդ Պահուն Ետդարձ  Կատարած Է Իրանը Հարուածելու Որոշումէն

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի. Թրամփ Մետասաներորդ Պահուն Ետդարձ Կատարած Է Իրանը Հարուածելու Որոշումէն

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ջնջած է ռատարի համակարգերու եւ հրթիռային համակարգերու դէմ ուրբաթ արշալոյսին նախատեսուած հարուածին որոշումը: Թրամփ կանաչ լոյս տուած է Իրանի դէմ յարձակում գործելու, սակայն ետդարձ կատարած է, երբ գործողութիւնը կը գտնուէր իր սկիզբը: «Նիւ Եորք Թայմզ» կ՛աւելցնէ, թէ նախագահի Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթըն, արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ եւ...

Զարիֆ Եւ Չաւուշօղլու Ռազմավարական  Գործակցութեան Փաստաթուղթ Մը Ստորագրեցին

Զարիֆ Եւ Չաւուշօղլու Ռազմավարական Գործակցութեան Փաստաթուղթ Մը Ստորագրեցին

ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ ստորագրած է Թեհրանի եւ Անգարայի միջեւ ռազմավարական գործակցութեան փաստաթուղթ մը: Չաւուշօղլու մէկ օր առաջ երկօրեայ այցելութեամբ մը հասած էր Սպահան եւ բացումը կատարած Սպահանի մէջ թրքական օդանաւային ընկերութեան գրասենեակին: Երկու կողմերը իրենց հանդիպումին ընթացքին քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ...

Եւրոպական Միութիւնը Կը Սպառնայ  Պատժամիջոցներու Ենթարկել Թուրքիան,  Եթէ Չդադրեցնէ Կիպրոսի Մօտ Կազի  Իր «Ապօրինի» Որոնումները

Եւրոպական Միութիւնը Կը Սպառնայ Պատժամիջոցներու Ենթարկել Թուրքիան, Եթէ Չդադրեցնէ Կիպրոսի Մօտ Կազի Իր «Ապօրինի» Որոնումները

Եւրոպական Միութիւնը սպառնաց պատժամիջոցներու ենթարկել Թուրքիան, եթէ չդադրեցնէ Կիպրոսի ծովափին մօտ բնական կազի իր «ապօրինի» որոնումները: Միութեան ղեկավարները Պրիւքսելի մէջ իրենց ժողովի աւարտին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով վերահաստատեցին Թուրքիոյ կատարած «պեղման ապօրինի աշխատանքներուն» իրենց դատապարտումը, ինչպէս նաեւ ցաւ յայտնեցին, որ Թուրքիան «չընդառաջեց Եւրոպական Միութեան` այդպիսի աշխատանքները դադրեցնելու իրերայաջորդ կոչերուն»: Նշենք, որ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւնները այս շաբաթ Եւրոպական խորհուրդէն եւ արտաքին...

«Թիֆլիսի Մէջ Բողոքի Ցոյցերը  Ռուսատեաց Սադրանք Են»  Կ՛ըսէ Փեսքով

«Թիֆլիսի Մէջ Բողոքի Ցոյցերը Ռուսատեաց Սադրանք Են» Կ՛ըսէ Փեսքով

Քրեմլին Թիֆլիսի մէջ բողոքի ցոյցերը նկատեց «ռուսատեաց սադրանք»: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Ի հարկէ, մեզ չեն կրնար չմտահոգել Ռուսիոյ քաղաքացիներուն նկատմամբ յարձակողականութեան դրսեւորումները», ըսած է ան: Վրաստանի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցող Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովին ընթացքին գայթակղութիւն տեղի ունեցած է: Վրացի ընդդիմադիր երեսփոխաններուն հաճելի չէ եկած, որ Ռուսիոյ Տումայի երեսփոխան...

Մամետեարով. «15 Տարիէ Ի Վեր Նոյն  Ծրագիրը Կը Քննարկենք»

Մամետեարով. «15 Տարիէ Ի Վեր Նոյն Ծրագիրը Կը Քննարկենք»

Մեր միջեւ բաւական լուրջ տարակարծութիւններ կը մնան: Ընդհանուր առմամբ կը քննարկենք նոյն առաջարկները: 15 տարիէ ի վեր կը տեսնենք նոյն գաղափարները, խաղաղութեան նոյն ծրագիրը: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք` մեկնաբանելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու նոր...

«Փութինի Հետ Պիտի Քննարկենք  «Էս-400»-ներու Հարցը»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Փութինի Հետ Պիտի Քննարկենք «Էս-400»-ներու Հարցը» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յունիսի վերջաւորութեան` Ճափոնի մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ: «Թերթ» կը նշէ, որ այս մասին կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները: Ան նաեւ հաղորդած է, թէ հանդիպումին ընթացքին պիտի անդրադառնան շարք մը կարեւոր շրջանային հարցերու, երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման եւ ամրապնդման: «Պիտի քննարկենք...

Page 523 of 884 1 … 522 523 524 … 884

Արխիւներ