Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխան Կարօ Փայլան անդրադարձած է Պոլսոյ քաղաքապետի ընտրութեան արդիւնքին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Պիանեթ» կայքը:
«Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ընտրողները անցեալ ընտրութիւններէն աւելի վճռականօրէն գացին ընտրութիւններուն: Այս պահուս միանձնեայ վարչակարգը տապալեցաւ, այս ընտրութեան ամէնէն կարեւոր արդիւնքը այդ է: Բազմակարծութիւն ունեցող ժողովրդավարութեան համար այժմ միասին պէտք է մեր թեւերը ծալենք եւ վաղը, առանց նայելու, թէ ո՛վ պարտուած է կամ ո՛վ յաղթած, յանուն ժողովրդավարութեան միասին պէտք է շարունակենք մեր պայքարը: Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ընտրողները շատ ենթադրութիւններու ենթարկուած են: Արդէն պէտք է մէկ կողմ դնենք, թէ ո՛վ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն, «Լաւ» կուսակցութենէն է: Թուրքիոյ մէջ միանձնեայ վարչակարգը փլուզուած է: Այդ փլատակներուն վրայ դարձեալ վերանորոգենք ժողովրդավարութիւնը: Առանց քիւրտ, թուրք, հայ ըսելու, իբրեւ քաղաքական գործիչներ վաղուընէ սկսեալ պէտք է աշխատինք Թուրքիոյ բոլոր բնակիչներուն համար», ըսած է Փայլան:
Թուրքիոյ մէջ քաղաքական յենարան նկատուող Պոլսոյ մէջ 1994-էն ի վեր քաղաքապետ կ՛ընտրուէին իսլամական կուսակցութեան թեկնածուները, եւ այս պարտութիւնը մեծ հարուած էր երկրի նախագահ, Պոլսոյ նախկին քաղաքապետ Էրտողանի համար, որ ժամանակին Պոլսոյ վերաբերեալ ըսած էր. «Եթէ տիրես Պոլսոյ, պիտի տիրես Թուրքիոյ, եթէ տիրես Պոլսոյ, պիտի տիրես աշխարհին»: