Եւրոպական Միութիւնը պէտք է Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութենէն աւելի անկախ քաղաքականութիւն վարէ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտնած է Աւստրիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վան տեր Պելեն` գերմանական «Վելթ» օրաթերթին հետ կատարած հարցազրոյցին մէջ:
«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ առանց որեւէ պատճառի դուրս եկաւ Իրանի հետ հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ համաձայնագիրէն, որ Ուաշինկթըն կը քննարկէր երկար տարիներէ ի վեր, ինչպէս նաեւ պատժամիջոցներու սպառնալիքով եւրոպական ընկերութիւններուն արգիլեց առեւտուր կատարել Իրանի հետ: Ինծի կը թուի, որ ատիկա չափազանց հեռու կ՛երթայ: Եւրոպացիները պէտք չէ պարեն Թրամփի սրինգին տակ: Ատիկա կը վերաբերի նաեւ միւս տարակարծութիւններուն», ըսած է Աւստրիոյ նախագահը:
ԹԱՍՍ կը յիշեցնէ, որ Թրամփ որոշած է դուրս գալ Կլիմայի վերաբերեալ փարիզեան համաձայնագիրէն եւ Միջին ու փոքր հասողութեան հրթիռներու մասին համաձայնագիրէն: Բացի ատկէ, Ուաշինկթըն Եւրոպայի վրայ ճնշում կը գործադրէ ուժանիւթային քաղաքականութեան հարցերուն մէջ` կոչ ուղղելով կասեցնելու «Հիւսիսային հոսք-2»-ը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ կը ստիպէ լրացուցիչ վճարումներ կատարել ՕԹԱՆ-ի պաշտպանական համակարգին մէջ, ինչ որ, օրինակ, Գերմանիոյ մէջ, դրական ընկալումի չ՛արժանանար: