Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թրիփոլիի Մէջ Զինուորական Գործողութիւնը Պիտի Չդադրի Մինչեւ Նպատակի Ամբողջացումը» Կ՛ըսէ Զօր. Հաֆթար

Յունիս 24, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիպիական ազգային բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Խալիֆա Հաֆթար յայտնեց, որ «Թրիփոլիի մէջ զինուորական գործողութիւնը պիտի չդադրի մինչեւ նպատակի ամբողջացումը»` աւելցնելով. «Ատոր նպատակը գետնի վրայ կացութիւնը սրբագրելն է»:

Ան Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ իր ուժերուն կացութիւնը նկատեց հոյակապ` լիպիացի ժողովուրդին կոչ ուղղելով` ականջ չտալու այն տարաձայնութեանց, թէ իր ուժերը կրնան նահանջել կամ կը մտածեն ներկայ փուլին կանգ առնել: «Զինուորական գործողութիւնը պիտի չդադրի մինչեւ բոլոր նպատակներու ամբողջացումը: Բանակի բարոյականը բարձր է, եւ անոր ղեկավարները լաւ գիտեն, թէ ազգային մեծ ու պատմական առաքելութիւն մը կը կատարեն, անոնց ստացած հրամանները յստակ ու անկեղծ են, եւ անոնք գիտեն, թէ Լիպիան վտանգուած է եւ պէտք է զայն փրկել առանց նահանջի»:

Զօր. Հաֆթար նշեց, որ իր ուժերը Թրիփոլիի գործողութեան աւարտին պիտի ձեռնարկեն «մեր սահմաններու, ջուրերու եւ երկինքի անվտանգութեան ապահովման համար, եւ քաղաքական աշխատանքի մթնոլորտ ու այդ մասին մանրամասն խօսքը առաջուընէ աւելի օգտակար պիտի դառնայ, ինչպէս նաեւ յաջողելու աւելի մեծ առիթ պիտի ունենայ այդ հոլովոյթի ձախողութեան ազդակներու չքացումին պատճառով»:

Նախորդը

Աշխարհի Վրայ Գաղթականներու Եւ Ներքին Տեղահանուածներու Թիւը Հասած Է Շուրջ 71 Միլիոնի

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ 17 Մարդ 141 Տարուան Բանտարկութեան Դատապարտուած Են

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?