Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութինի Հրամանով Ռուսիոյ Կեդրոնական Ռազմական Շրջանին Մէջ Սկսած Է Մարտական Պատրաստութեան Անսպասելի Ստուգում

Յունիս 25, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ, երկրի զինեալ ուժերու գերագոյն հրամանատար Վլատիմիր Փութինի որոշումով` երէկ Կեդրոնական ռազմական շրջանին մէջ մարտական պատրաստութեան անսպասելի ստուգում սկսած է: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

«Այսօր` 24 յունիսին, Ռուսիոյ զինեալ ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարի որոշումին համաձայն, Կեդրոնական զինուորական շրջանի ուժերու եւ զօրքերու անսպասելի ստուգում սկսած է», ըսած է Շոյկու:

Շոյկու մանրամասնած է, որ ստուգման ծիրին մէջ Մոսկուայի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 6:00-էն ամբողջական կազմով բարձրագոյն մարտական պատրաստութեան կը բերուին Կեդրոնական զինուորական շրջանի մարտական կառավարման մարմինները, Հարաւային եւ Արեւելեան ռազմական շրջաններու եւ ուժերու մէկ մասը, անկարգելաւոր ուժերու առանձին միաւորումները, օդուժի Հեռաւոր եւ զինուորական փոխադրութեան ուժերը:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը աւելցուցած է, թէ այս քայլերը ուղղուած են Կեդրոնական Ասիոյ շրջանին մէջ զինեալ ուժերու զինուորական անվտանգութեան ապահովման կարելիութիւններու գնահատման:

Նախարարը ընդգծած է, որ այդ շրջանին մէջ կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ ահաբեկչական բնոյթի լուրջ սպառնալիքներ:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոքին Հետ Քննարկեց Ընտրական Նոր Օրինագիծը

Յաջորդը

«Էրտողանի Միանձնեայ Վարչակարգը Տապալեցաւ» Կ՛ըսէ Փայլան

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?