«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ջնջած է ռատարի համակարգերու եւ հրթիռային համակարգերու դէմ ուրբաթ արշալոյսին նախատեսուած հարուածին որոշումը:
Թրամփ կանաչ լոյս տուած է Իրանի դէմ յարձակում գործելու, սակայն ետդարձ կատարած է, երբ գործողութիւնը կը գտնուէր իր սկիզբը: «Նիւ Եորք Թայմզ» կ՛աւելցնէ, թէ նախագահի Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթըն, արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ եւ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ճինա Հասպըլ զօրակցած էին Թեհրանը հարուածելու որոշումին, իսկ Փենթակոնի բարձրաստիճան պաշտօնատարները զգուշացուցած էին, թէ այդպիսի արարք մը կրնայ շրջանին մէջ ամերիկեան ուժերուն համար վտանգներ պարունակող մնայուն մագլցումի յանգեցնել:
Օրաթերթը նշեց, որ ռմբաձիգները օդ բարձրացած էին եւ մարտանաւերը մարտական դիրքեր գրաւած էին, երբ ետ կանգնելու հրամանը տրուած է:
«Յստակ չէ, թէ պրն. Թրամփ պարզապէս հարուածին շուրջ իր կարծի՞քը փոխեց, թէ՞ վարչակազմը գումակային կամ ռազմավարական պատճառներով իր ուղղութիւնը փոխեց, նաեւ յստակ չէ, թէ յարձակումները տակաւին կրնա՞ն գործադրուիլ», կը հարցադրէ ազդեցիկ օրաթերթը:
Թրամփ աւելի ուշ յայտարարեց. «Իրանի դէմ յարձակումը դադրեցուցի, որովհետեւ պատասխանը կրնայ չհամապատասխանել անզէն անօդաչու թռչող սարքին վար առնուելուն»:
Իրանցի պաշտօնատարներ երէկ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, թէ Թեհրան երէկ գիշեր Օմանի ճամբով Թրամփէն ստացած է անմիջական հարուածէ զգուշացնող պատգամ մը, որուն մէջ նշուած էր` «պատերազմ չենք ուզեր, այլ բանակցութիւն», եւ Թեհրանին պատասխան տալու պայմանաժամ ճշդած էր:
Իրանեան կողմը պատասխանած է, թէ գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէին դէմ է Ուաշինկթընի հետ որեւէ բանակցութեան, սակայն պատգամը պիտի փոխանցուի անոր: Պաշտօնատարները նշեցին, որ Իրանի արագ պատասխանը յստակ զգուշացում մըն էր ամերիկեան որեւէ զինուորական արարքի շրջանային ու միջազգային հետեւանքներէն: Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի բանբեր Քէյվան Խոսրավի ԻՐԻՊ-ի հետ զրոյցի ընթացքին հերքեց, թէ Ուաշինկթըն Օմանի ճամբով որեւէ պատգամ ուղղած է Իրանին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանի շուրջ կացութիւնը կը մղէ բաց տագնապի գահավէժի եզրին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտարարեց, թէ Իրան-Միացեալ Նահանգներ տագնապի վտանգը տակաւին կայ, եւ Մոսկուա Ուաշինկթընին կոչ կ՛ուղղէ հետեւանքներուն մասին մտածելու եւ անպատասխանատու քայլեր չառնելու:
Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրան երէկ Թեհրանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանին յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներ պատասխանատու պիտի ըլլան իր դէմ զինուորական որեւէ արարքի հետեւանքներուն համար` աւելցնելով, որ Թեհրան Միացեալ Նահանգներու հետ պատերազմ չ՛ուզեր:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ իր մօտ ունի անհերքելի փաստեր, թէ Միացեալ Նահանգներ ոտնահարած են Իրանի օդային տարածքը: Աւելի ուշ, իրանեան լրատուամիջոցներ ցուցադրեցին ամերիկեան լրտեսական օդանաւին բեկորները:



