Միջազգային

Ալիեւ Փոփոխութիւններ Կատարած Է  Ուժային Կառոյցներուն Մէջ

Ալիեւ Փոփոխութիւններ Կատարած Է Ուժային Կառոյցներուն Մէջ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրամանագիրով երկրի ուժային կառոյցներուն մէջ շարք մը փոփոխութիւններ ու փոխատեղումներ կատարուած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ներքին գործոց երկարամեայ նախարար Ռամիլ Ուսուպով ազատուած է իր պաշտօնէն եւ նշանակուած նախագահին կից անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար: Ներքին գործոց նախարար նշանակուած է Վիլայաթ Էյվազով, որ մինչ այդ ներքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալն էր: Պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար...

Իրան Վար Առաւ Ամերիկեան  Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Իրան Վար Առաւ Ամերիկեան Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, թէ վար առած է ամերիկեան լրտեսական անօդաչու թռչող սարք մը, որ թռիչք կը կատարէր հարաւային Իրանի Հորմուզղան նահանգին վերեւ: Պահակագունդի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Հուսէյն Սալամի նշեց, որ անօդաչու թռչող սարքին վար առնուիլը յստակ պատգամ մը կը բովանդակէ եւ օրինակ մըն է, թէ Իրան ինչպէ՛ս կը վարուի իր թշնամիներուն հետ: Ան յայտնեց, որ Իրանը պաշտպանողները վճռականօրէն պատրաստ են...

«Երուսաղէմի Մէջ Եռակողմ Հանդիպման  Ժամանակ Ռուսիան Հաշուի Պիտի Առնէ Իրանի Շահերը»  Կ՛ըսէ Փաթրուշեւ

«Երուսաղէմի Մէջ Եռակողմ Հանդիպման Ժամանակ Ռուսիան Հաշուի Պիտի Առնէ Իրանի Շահերը» Կ՛ըսէ Փաթրուշեւ

Երուսաղէմի մէջ տեղի ունենալիք Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ ձեւաչափով հանդիպումի ընթացքին Մոսկուան հաշուի պիտի առնէ Իրանի շահերը եւ Միացեալ Նահանգներուն ու Իսրայէլին հասցնէ Թեհրանի տեսակէտը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ: Փաթրուշեւի, Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի եւ Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավար Մէյիր պեն Շապաթի հանդիպումը տեղի պիտի...

Ազրպէյճան Կ՛աւելցնէ  Պաշտպանական Ծախսերը

Ազրպէյճան Կ՛աւելցնէ Պաշտպանական Ծախսերը

Ազրպէյճանի խորհրդարան ներկայացուած են «Ազրպէյճանի 2019-ի պետական պիւտճէի մասին» օրէնքին մէջ նախատեսուած փոփոխութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս-Ազրպէյճան» լրատու գործակալութիւնը: Նախագիծին համաձայն, որոշ ծախսերու վերաբերեալ փոփոխութիւններ կ՛ենթադրուին: Պաշտպանական ծախսերու համար կը նախատեսուի յատկացնել լրացուցիչ 150 միլիոն մանաթ: Պաշտպանական ծախսերը, այդպիսով, կ՛աւելնան 4,9 առ հարիւրով:

Վրաստանի Մէջ Դադրեցուած Է Ուղղափառութեան  Միջխորհրդարանական Վեհաժողովի Նիստը.  Ցուցարարները Փորձած Են  Ներխուժել Խորհրդարանի Շէնք

Վրաստանի Մէջ Դադրեցուած Է Ուղղափառութեան Միջխորհրդարանական Վեհաժողովի Նիստը. Ցուցարարները Փորձած Են Ներխուժել Խորհրդարանի Շէնք

Վրաստանի խորհրդարանին մէջ Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովին ժամանակ գայթակղութիւն տեղի ունեցած է: Վրացի ընդդիմադիր երեսփոխաններուն հաճելի չէ եկած, որ Ռուսիոյ Տումայի երեսփոխան Սերկէյ Կաւրիլով, որ կը նախագահէր նիստին, նստած է Վրաստանի խորհրդարանի նախագահի աթոռին վրայ: Կաւրիլով պատմած է, որ այդ միջադէպէն ետք նիստը դադրեցուած է, Ռուսիոյ պատուիրակութիւնը լքած է խորհրդարանի շէնքը: Ան նաեւ յայտնած է, թէ վրացի ծայրայեղականները ջուր թափած են...

Մերքել. «Դէմ Եմ Իրաքի Մէջ Քրտական  Պետութեան Հաստատման»

Մերքել. «Դէմ Եմ Իրաքի Մէջ Քրտական Պետութեան Հաստատման»

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել երկրի նախկին արտաքին գործոց նախարար Սիկմար Կապրիէլի հետ դպրոց այցելութեան ընթացքին անդրադարձած է Իրաքի հիւսիսը քիւրտերու անկախութեան ձեռք բերման հարցին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «էնսոնհապեր» կայքը: «Ես կողմնակից եմ Իրաքի տարածքային ամբողջականութեան: Չեմ կարծեր, որ անկախ քրտական պետութեան ստեղծումը պիտի ծառայէ շրջանային խաղաղութեան», ըսած է Մերքել: Գերմանիոյ վարչապետը նաեւ նշած է, որ Իրաքի մէջ ապրող...

«Սի. Էն. Էն.». «Թրամփ Կը Յուսայ Համաձայնութիւն  Ձեռք Բերել Փութինի Հետ` Սուրիայէն Ամերիկեան  Ուժերը Դուրս Բերելու Վերաբերեալ»

Փութինի Հետ Հանդիպելու Մտադրութեան Մասին Յայտարարելով` «Կ՛ուզեմ Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Շտկել» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ մտադիր է Ճափոնի Օսաքա քաղաքին մէջ 28-29 յունիսին նախատեսուած Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ընթացքին հանդիպում ունենալ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի նախագահներուն` Վլատիմիր Փութինի եւ Սի Ցզինփինի հետ: «Կ՛ուզեմ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները շտկել եւ, կը կարծեմ, այդպէս ալ պիտի ըլլայ: Կ՛ուզեմ լաւ յարաբերութիւններ հաստատել նաեւ Չինաստանի հետ: Կը կարծեմ, այդպէս ալ պիտի ըլլայ: Ռուսիան եւ Չինաստանը...

Ազրպէյճան, Վրաստան Եւ Թուրքիա Միացեալ  Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն

Ազրպէյճան, Վրաստան Եւ Թուրքիա Միացեալ Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն

Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու զինուորական խաղերու կեդրոնին մէջ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի զինուորներու մասնակցութեան տեղի ունեցած է «Յաւիտենականութիւն-2019» հրամանատարա-սպայակոյտային ռազմափորձերու հարցով խորհրդաժողովը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Ձեռնարկին ժամանակ երեք երկիրներու համապատասխան կառոյցներու ներկայացուցիչները քննարկած են ռազմափորձերու պատրաստուելու հետ առնչուած հարցեր եւ խնդիրներ: Կը նշուի, որ ռազմափորձերը նուիրուած են շրջանին մէջ տնտեսապէս կարեւոր նախագիծերու պահպանման կազմակերպման:

Էրտողան. «Անհրաժեշտ Ամէն Բան Պիտի Կատարենք  Մուրսիի Հարցով Միջազգային Դատարաններու Մէջ  Դատելու Եգիպտոսի Իշխանութիւնները»

Էրտողան. «Անհրաժեշտ Ամէն Բան Պիտի Կատարենք Մուրսիի Հարցով Միջազգային Դատարաններու Մէջ Դատելու Եգիպտոսի Իշխանութիւնները»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Անոնք, որոնք Էրտողանին Եգիպտոսի հանգուցեալ նախագահ Մոհամետ Մուրսիի նման ճակատագիր կը նախատեսեն, Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի մտայնութեան հետեւող մարդիկ են»: «Մենք անոնցմէ չենք վախնար, որովհետեւ հագած ենք մեր պատանքները եւ այս ուղին որդեգրեցինք», ըսաւ ան: Էրտողան նշեց. «Դժբախտաբար Մուրսին քսան վայրկեան դատարանի սրահին գետինը մահուան դէմ պայքարեցաւ, եւ պատասխանատուները չմիջամտեցին անոր օժանդակելու»: Թուրքիոյ...

Եգիպտոսի Խորհրդարան. «Էրտողան Բռնապետ Է  Եւ Եգիպտոսի Ներքին Հարցերուն  Անոր Միջամտութիւնը` Մերժելի»

Եգիպտոսի Խորհրդարան. «Էրտողան Բռնապետ Է Եւ Եգիպտոսի Ներքին Հարցերուն Անոր Միջամտութիւնը` Մերժելի»

Եգիպտոսի խորհրդարանի բանբեր Սալահ Հասապալլա հակադարձեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Եգիպտոսի նախկին նախագահ Մոհամետ Մուրսիի մահուան վերաբերեալ կատարած յայտարարութիւններուն, զանոնք նկատելով «Եգիպտոսի հարցերուն լկտի միջամտութիւն»: «Եգիպտացի ժողովուրդը 30 յունիս 2013-ի մեծ յեղափոխութիւնը զգետնող հարուածով մը վերջ տուաւ Էրտողանի երազներուն ու անոր սատանայական ծրագիրներուն եւ զինք վերածեց Եգիպտոսի, անոր ժողովուրդին ու ղեկավարին թիւ մէկ թշնամին», ըսաւ Հասապալլա: Եգիպտոսի խորհրդարանի բանբերը...

Ազրպէյճան Ֆրանսայի Հետ  Սպառազինութիւն Պիտի Արտադրէ

Ազրպէյճան Ֆրանսայի Հետ Սպառազինութիւն Պիտի Արտադրէ

Ազրպէյճանի պաշտպանական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը եւ օդուժի, ռազմական եւ ծովային կիրարկման տեղեկատուական համակարգեր արտադրող «Թալես Կրուփ» միջազգային արդիւնաբերական խումբը հաւանաբար միացեալ գործարան հիմնեն: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Խօսքը յայտնաբերման եւ տեղորոշման համակարգերու տարբեր տեսակներու արտադրութեամբ զբաղող գործարանի մասին է: Տեղեկութեան համաձայն, «Թալես Կրուփ»-ի ղեկավարութեան հետ քննարկումները վարած է ազրպէյճանական նախարարութեան ներկայացուցիչ Ֆարուխ Վեզիրով` Ֆրանսայի մէջ «Փարիզ Էր Շօ-2019»-ի...

«Թուրքիան Սուրիական Հողերէն Տարածքներ  Բռնագրաւած Է Եւ Կը Պաշտպանէ Ժապհաթ Նուսրան  Ու Ահաբեկչական Խմբաւորումները»  Կ՛ըսէ Մոալլեմ

«Թուրքիան Սուրիական Հողերէն Տարածքներ Բռնագրաւած Է Եւ Կը Պաշտպանէ Ժապհաթ Նուսրան Ու Ահաբեկչական Խմբաւորումները» Կ՛ըսէ Մոալլեմ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ Փեքինի մէջ իր չին պաշտօնակից Ուանկ Եիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Մենք սուրիական եւ թրքական ուժերուն միջեւ ճակատումի մը չենք ձգտիր, սակայն Իտլիպի մէջ ահաբեկչութեան դէմ կը կռուինք»: «Թուրքիան բռնագրաւած է սուրիական հողերէն տարածքներ եւ կը պաշտպանէ Ժապհաթ Նուսրան ու ահաբեկչական խմբաւորումները», յայտարարեց սուրիական դիւանագիտութեան պետը: «Իտլիպը սուրիական նահանգ մըն է, եւ...

Ուաշինկթըն Յաւելեալ Հազար  Զինուոր Պիտի Ուղարկէ Միջին Արեւելք

Ուաշինկթըն Յաւելեալ Հազար Զինուոր Պիտի Ուղարկէ Միջին Արեւելք

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Փաթրիք Շանահան հաւանութիւն տուած է Միջին Արեւելք լրացուցիչ հազար զինուոր ուղարկելուն: Այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան կայքը: Որոշումը որդեգրուած է Օմանի ծոցին մէջ քարիւղատար նաւերուն դէմ Իրանի յարձակումին վերաբերեալ Ուաշինկթընի ուղղած մեղադրանքներու հիմամբ: Փենթակոնէն հաւաստած են, թէ զինուորներու ուղարկումը պիտի կատարուի «պաշտպանողական նպատակներով»: «Միացեալ Նահանգներ Իրանի հետ տագնապ չեն փնտռեր: Այսօր քայլերու...

«Սէուտական Արաբիան Կը Շարունակէ Իրանը  Մեղադրելու Անընդունելի Հոլովոյթը»  Կ՛ըսէ Մուսաւի

«Սէուտական Արաբիան Կը Շարունակէ Իրանը Մեղադրելու Անընդունելի Հոլովոյթը» Կ՛ըսէ Մուսաւի

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայետ Ապպաս Մուսաւի մեկնաբանած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի մեղադրանքները, որոնց համաձայն, Իրան պատասխանատու է Օմանի ծոցին մէջ քարիւղատար նաւերու դէմ կատարուած յարձակումին համար: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: «Սէուտական Արաբիան շրջանին մէջ փոփոխականներու ընկալման բացակայութեան պատճառով լարուածութիւն կը հրահրէ` իր ռազմականացուած քաղաքականութեամբ եւ ճգնաժամ սադրելով», ըսած է Իրանի արտաքին...

Հոնկ Քոնկի Ղեկավարը Կը Վստահեցնէ`  Արտայանձնումի Օրէնքին Մէջ Փոփոխութիւններու  Հարցը «Վերջնականապէս Փակուած Է»

Հոնկ Քոնկի Ղեկավարը Կը Վստահեցնէ` Արտայանձնումի Օրէնքին Մէջ Փոփոխութիւններու Հարցը «Վերջնականապէս Փակուած Է»

Չինաստանի յատուկ վարչական շրջան Հոնկ Քոնկի ղեկավար Քերի Լեմ դռնփակ հանդիպում մը ունեցած է շրջանի կրթական համակարգի 20 ներկայացուցիչներու հետ եւ յայտնած արտայանձնումի մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու հարցի քննարկումը «վերջնականապէս դադրեցնելու» մասին: Հանդիպումին ընթացքին Լեմ ներում հայցած է վերջին շաբաթներու իրարանցումին համար, սակայն յայտնած է, թէ չի պատրաստուիր ընդունիլ իր հրաժարականին վերաբերեալ ցուցարարներու պահանջը: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական...

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը  Կը Հաստատէ Ազրպէյճանական Բանակին Կողմէ  Գանձակի Ռմբակոծման Լուրը

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Հաստատէ Ազրպէյճանական Բանակին Կողմէ Գանձակի Ռմբակոծման Լուրը

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով հաստատած է այն տեղեկութիւնները, թէ երկրին մէջ կատարուած ռազմափորձերուն ընթացքին ռումբ մը ինկած է Գանձակի տուներէն մէկուն վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: «Հրասայլերը ուսումնական ռումբեր օգտագործած են, մաքեթները ուղղուած եղած են դէպի սարերը: Ռումբը ինկած է ժայռի վրայ եւ ետդարձ կատարած», ըսած է Հասանով: Ան նշած է, որ Սէյֆալի հրաձգարանին մէջ հրասայլերու...

«Հիւսիսային Կովկասը Իրան-Ռուսիա Տնտեսական  Յարաբերութիւններու Դարպասն Է»  Կ՛ըսէ Իրանի Ուժանիւթի Նախարարը

«Հիւսիսային Կովկասը Իրան-Ռուսիա Տնտեսական Յարաբերութիւններու Դարպասն Է» Կ՛ըսէ Իրանի Ուժանիւթի Նախարարը

Հիւսիսային Կովկասը Իրան-Ռուսիա առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու դարպասն է: Իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ռուսիոյ Հիւսիսային Կովկասի հարցերով նախարար Սերկէյ Չերպոթարիովի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Իրան-Ռուսիա առեւտրատնտեսական համագործակցութեան միացեալ յանձնախումբի համանախագահ, Իրանի ուժանիւթի նախարար Ռեզա Արտաքանեան: «Այս դարպասը կարեւոր դեր պիտի խաղայ յարաբերութիւններու ընդլայնման գործին մէջ», ըսած է ան: Արտաքանեան կոչ ուղղած է` նշանակելու Իրանի եւ Ռուսիոյ...

«Յաջորդ Շաբթուընէ Պիտի Սկսի  Միլիոնաւոր Ապօրինի Ներգաղթեալները  Ետ Ուղարկելու Հոլովոյթը»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Յաջորդ Շաբթուընէ Պիտի Սկսի Միլիոնաւոր Ապօրինի Ներգաղթեալները Ետ Ուղարկելու Հոլովոյթը» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ գաղթի կարծր քաղաքականութեան կողմնակից է, իր պաշտօնական թուիթըրեան էջին վրայ տեղեկացուցած է, որ յաջորդ շաբթուընէ սկսեալ ամերիկեան իշխանութիւնները պիտի սկսին միլիոնաւոր ապօրինի ներգաղթեալները ետ ուղարկելու հոլովոյթը: «Յաջորդ շաբթուընէ սկսեալ Միացեալ Նահանգներու ներգաղթի եւ մաքսային ոստիկանութիւնը պիտի սկսի զարտուղի ճամբով Միացեալ Նահանգներու մէջ յայտնուած միլիոնաւոր ապօրինի օտարականները ետ ուղարկելու հոլովոյթը», գրած է Թրամփ` ընդգծելով, որ...

«Մենք Չենք Կրնար Փճացնել Մեր Հիմնական  Ռազմավարական Գործընկեր Ազրպէյճանի Հետ  Յարաբերութիւնները»  Կ՛ըսէ Զալքալիանի

«Մենք Չենք Կրնար Փճացնել Մեր Հիմնական Ռազմավարական Գործընկեր Ազրպէյճանի Հետ Յարաբերութիւնները» Կ՛ըսէ Զալքալիանի

Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Զալքալիանի յայտարարած է, թէ Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի կողմէ գործադրուող միացեալ զինուորական նախագիծերը կը համապատասխանեն Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ դրացի Թուրքիոյ շահերուն: Այս մասին կը հաղորդէ վրացական «Ափսնի» կայքը: Նախարարը նշած է, որ Ազրպէյճան Վրաստանի հիմնական ռազմավարական գործընկերն է: «Այն ժամանակ, երբ մեր տարածքները բռնագրաւուած են Ռուսիոյ կողմէ, մենք չենք կրնար փճացնել մեր հիմնական ռազմավարական...

ՄԱԿ Հրապարակած Է Երկրագունդի  Բնակչութեան Թիւի Նախատեսումները

ՄԱԿ Հրապարակած Է Երկրագունդի Բնակչութեան Թիւի Նախատեսումները

Երեսուն տարի ետք, երկրագունդի բնակչութեան թիւը պիտի աւելնայ 2 միլիառով` դառնալով 9,7 միլիառ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է ՄԱԿ-ի զեկուցումին մէջ: Կը նշուի, թէ Հնդկաստանը բնակչութեան թիւով շատ շուտով յառաջ պիտի անցնի Չինաստանէն: Կը նշուի նաեւ, որ բնակչութիւնը կը ծերանայ կեանքի տեւողութեան յաւելման եւ ծնելիութեան նուազման պատճառով, կը մեծնայ այն երկիրներու թիւը, ուր բնակչութեան թիւը հետզհետէ...

Page 524 of 884 1 … 523 524 525 … 884

Արխիւներ