«Եթէ Ուաշինկթըն «Էֆ-35»-ները Չյանձնէ Եւ Պատժամիջոցներ Հաստատէ, Պիտի Դիմենք Միջազգային Դատարան» Կ՛ըսէ Էրտողան
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու հետ «Էս-400» համակարգերու գնման հարցը պիտի լուծենք մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող դաշինքին ու գործընկերութեան ծիրին մէջ»: «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ընթացքին հանդիպումս արտակարգ պիտի ըլլայ` մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ լճացումը վերցնելու եւ մեր գործակցութիւնը ամրապնդելու առումով», ըսաւ ան: «Եթէ Ուաշինկթըն մերժէ Թուրքիոյ յանձնել «Էֆ-35» հալածիչները, որոնց գինին...




















