Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիան Գիշերուան «Արտօնութենէն» Ետք ԵԽԽՎ-ի Մէջ Աշխատելու Դիմում Ներկայացուցած Է

June 26, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ պատուիրակութիւնը երեքշաբթի գիշեր որդեգրուած բանաձեւին շնորհիւ հնգամեայ դադարէ ետք կրնայ այսօր Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մէջ լիարժէք աշխատանքի վերադառնալ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: ԵԽԽՎ-ն այսօր պիտի քննարկէ Ռուսիոյ լիազօրութիւններու հարցը:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կ՛աւելցնէ, որ Ռուսիան արդէն դիմում ներկայացուցած է ԵԽԽՎ-ի ծիրին մէջ աշխատելու վերաբերեալ եւ պատրաստ է մուտք գործելու նիստերու դահլիճ:

ԵԽԽՎ-ի մէջ քուէարկութեան հիմամբ որդեգրուած էր բանաձեւ մը, որ կը վերաբերէր պատժամիջոցներու մեքանիզմին եւ կ՛ենթադրէր առանց քուէի իրաւունքի սահմանափակման Ռուսիոյ պատուիրակութեան վերադարձը ԵԽԽՎ: Բանաձեւը որդեգրուած էր 118 թեր, 62 դէմ եւ 10 ձեռնպահ քուէներով: Ազրպէյճան եւ Թուրքիա կողմ քուէարկած են ամբողջ բանաձեւին: Դէմ քուէարկածներու շարքին են Վրաստանն ու Ուքրանիան:

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, մեկնաբանելով բանաձեւին որդեգրումը, նշած է, թէ, վերականգնելով Ռուսիոյ երեսփոխաններուն իրաւունքները, ԵԽԽՎ-ն ինքզինք հեղինակազրկեց:

Նախարարութեան կարծիքով` բանաձեւը որդեգրուած է «Մոսկուայի կողմէ աննախադէպ ճնշումի եւ ելեւմտական շանթաժի պատճառով»:

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի հիասթափուած է որոշումէն: Ան նշած է, որ անցեալ շաբաթ Ֆրանսայի նախագահին եւ Գերմանիոյ վարչապետին հետ հանդիպման ժամանակ ըսած էր, թէ ռուսական պատուիրակութեան ԵԽԽՎ վերադարձը կարելի է այն ժամանակ միայն, երբ Ռուսիան կատարէ վեհաժողովի սկզբունքային պահանջները:

«Կ՛ափսոսամ, որ մեր եւրոպացի գործընկերները մեզի չլսեցին եւ այլ կերպ վարուեցան», գրած է Զելենսքի դիմատետրեան իր էջին վրայ: ԵԽԽՎ-ի մէջ ուքրանական պատուիրակութեան ղեկավար Վլատիմիր Արիւ յայտարարեց, թէ պատուիրակութիւնը կը դադրեցնէ վեհաժողովին մէջ իր աշխատանքը:

Յիշեցնենք, որ ապրիլ 2014-ին Տոնպասի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն, ինչպէս նաեւ Խրիմի թերակղզիին` Ռուսիոյ կցման պատճառով ԵԽԽՎ-ի մէջ Ռուսիոյ պատուիրակութիւնը զրկուած էր քուէարկելու, հսկողութեան առաքելութիւններուն մասնակցելու, ինչպէս նաեւ կառոյցի ղեկավար մարմիններու կազմին մէջ ներառուելու իրաւունքներէն: Ատոր ի պատասխան` Ռուսիոյ պատուիրակութիւնը յայտարարած էր, թէ կը հրաժարի աշխատիլ այդ պայմաններուն մէջ:

Հայկական Պատուիրակութեան Քուէարկութեան Պատկերը

ԵԽԽՎ-ի մէջ Ռուսիոյ պատուիրակութեան մասնակցութեան վերաբերեալ քուէարկութեան մասնակցած է նաեւ Հայաստանի պատուիրակութիւնը: Հայաստանի Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էդմոն Մարուքեան եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան երեսփոխան Նայիրա Զոհրապեան թեր քուէարկած են բանաձեւին:

Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ, իշխող «Իմ քայլը» դաշինքի անդամ Ռուբէն Ռուբինեան դէմ քուէարկած է: «Իմ Քայլը»-ի միւս անդամները` Յովհաննէս Իգիթեան, Տաթեւիկ Հայրապետեան եւ Սօս Աւետիսեան չեն մասնակցած քուէարկութեան:

Աւելի ուշ Ռուբէն Ռուբինեան յայտարարած է, թէ քուէարկութեան ժամանակ թիւրիմացութիւն տեղի ունեցած է, եւ ինք դէմ չէ քուէարկած: Նիստին նախագահը յայտնած է, որ քուէարկութիւնը աւարտած է, եւ այլեւս կարելի չէ փոփոխութիւն կատարել:

 

 

 

Նախորդը

«Յառաջիկայ Ամիսներու Ընթացքին Պիտի Ստանձնենք Ռուսական «Էս-400» Համակարգերը» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Թրամփ Քսաններու Խմբակի Ժողովի Ընթացքին Հանդիպում Պիտի Ունենայ Շարք Մը Ղեկավարներու Հետ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.