Իրանի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Ապպաս Արաքժի Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ, Միջին Արեւելքի հարցերով պետական նախարար Էնտրիւ Մորիսընի հետ ունեցած է հանդիպում մը: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:
Կողմերը հանդիպումի ընթացքին քննարկած են հիւլէական համաձայնագիրին առնչուած վերջին իրադարձութիւններն ու զարգացումները, ինչպէս նաեւ համաձայնագիրի պահպանման կարելիութիւններն ու հեռանկարները:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը նշած է, որ Իրան համոզուած է, թէ եւրոպացիները չեն կատարեր Հիւլէական գործարքով նախատեսուած գործողութիւնները, ոչ թէ անկարողութեան, այլ` քաղաքական կամքի բացակայութեան պատճառով:
«Եւրոպան չ՛ուզեր վճարել թեկուզ չնչին գին` այս գործարքը պահպանելու համար», նշած է ան` աւելցնելով. «Ցաւօք, մեր յանձնառութիւններուն եւ իրաւունքներուն միջեւ հաւասարակշռութիւն գոյութիւն չունի եւ, հետեւաբար, չկայ որեւէ պատճառ Իրանի կողմէ ստանձնուած պարտաւորութիւնները շարունակելու համար»: