Միջազգային

Թանափ Կազի Խողովակաշարին Շինարարութիւնը Աւարտած Է

Թանափ Կազի Խողովակաշարին Շինարարութիւնը Աւարտած Է

Անդրանատոլական ԹԱՆԱՓ կազի խողովակաշարին շինարարութիւնը, որ «Հարաւային կազային միջանցք»-ի հիմնական մասն է, աւարտած է: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: 1,85 հազար քիլոմեթր երկարութեամբ խողովակաշարը նախատեսուած է ազրպէյճանական կազի Եւրոպա փոխադրման համար:  

Բռնագրաւեալ Կիպրոսի Մէջ Սուրիական Հակաօդային Հրթիռ Մը Ինկած Է

Բռնագրաւեալ Կիպրոսի Մէջ Սուրիական Հակաօդային Հրթիռ Մը Ինկած Է

Բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քիտրաթ Էօզարսայ յայտնեց, թէ անծանօթ թռչող սարք մը, հաւանաբար հրթիռ մը երկուշաբթի կանուխ առաւօտուն ջախջախուած է Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ հիւսիսը, սակայն մարդկային վնասներ չէ պատճառած: Ան նշեց. «Մեր զինուորական աղբիւրներէն ստացուած տեղեկութիւններուն համաձայն, գիշերը պատահած դէպքը ուղղաթիռ մը չէր կամ ատոր նման մեր սարքերէն մէկը չէր: Մեր զինուորները, ոստիկաններն ու հրշէջները դէպքի վայրի քննութիւն...

Հիւսիսային Քորէայի Իշխանութիւնները Թրամփ-Ըն Հանդիպումը Կը Նկատեն «Պատմական» Եւ «Հոյակապ»

Հիւսիսային Քորէայի Իշխանութիւնները Թրամփ-Ըն Հանդիպումը Կը Նկատեն «Պատմական» Եւ «Հոյակապ»

Հիւսիսային Քորէա իր ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ կիրակի օր քորէական թերակղզիի ապազինեալ գօտիին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը նկատեցին «պատմական» եւ «հոյակապ»: Հիւսիսային քորէական պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց. «Հիւսիսային Քորէայի եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները պատմական ձեռքսեղմում կատարեցին Փհունմունջոմի մէջ, ինչ որ հոյակապ իրադարձութիւն էր: Ղեկավարները համաձայնած են ապագային սերտ կապի մէջ ըլլալ, վերսկսիլ Քորէական...

Հոնկ Քոնկի Մէջ Նոր Բախումներ

Հոնկ Քոնկի Մէջ Նոր Բախումներ

Չինաստանի վարչական յատուկ շրջան Հոնկ Քոնկի մէջ իրավիճակը դարձեալ սրած է. երէկ առաւօտեան հազարաւոր ցուցարարներ հաւաքուած են Հոնկ Քոնկի խորհրդարանի շէնքին մօտ: Ցոյցին մասնակիցները կոտրած են դռները եւ պատուհանները` փորձելով մուտք գործել օրէնսդիր մարմինի շէնք, ոստիկանութիւնը ստիպուած եղած է յատուկ միջոցներ, մասնաւորաբար, արցունքաբեր կազ օգտագործել: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Բողոքի ցոյցը կազմակերպուած է Հոնկ Քոնկի` Չինաստանի յանձնման...

Վերջին Ժամ.  Իսրայէլ Դարձեալ Իր Հրթիռներով Թիրախ  Կը Դարձնէ Դամասկոսի Շրջակայքը Եւ Հոմսը

Վերջին Ժամ. Իսրայէլ Դարձեալ Իր Հրթիռներով Թիրախ Կը Դարձնէ Դամասկոսի Շրջակայքը Եւ Հոմսը

Սուրիական զինուորական աղբիւր մը յայտարարեց, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը հակադարձած են թշնամի Իսրայէլի օդուժին եւ ծովուժին կողմէ արձակուած հրթիռներուն: Այդ հրթիռները Լիբանանի օդային տարածքին միջոցով թիրախ ընտրած էին սուրիական բանակի կարգ մը դիրքերը` Հոմսի եւ Դամասկոսի շրջակայքին մէջ:

Թրամփ-Ըն «Պատմական» Հանդիպում

Թրամփ-Ըն «Պատմական» Հանդիպում

Երէկ Քորէական թերակղզիի ապազինեալ գօտիին մէջ` երկու Քորէաներու սահմանին վրայ տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հանդիպում մը, որ տեւեց աւելի քան մէկ ժամ: Հանդիպումը մէկ օր առաջ նախաձեռնած էր ամերիկեան կողմը: Հանդիպումի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահը Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարը հրաւիրեց այցելելու Սպիտակ տուն, «երբ պահը հասուննայ»: Ըն Թրամփին առաջարկեց անցնիլ...

Էրտողան. «Թրամփ Խոստացած Է Թուրքիոյ Դէմ  Պատժամիջոցներ Չկիրարկել»

Էրտողան. «Թրամփ Խոստացած Է Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Չկիրարկել»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ճափոնի Օսաքա քաղաքին մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ իրեն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին վստահեցուցած է, որ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելուն համար Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ պիտի չհաստատուին: «Անձամբ իրմէ լսեցինք, թէ ատիկա տեղի պիտի չունենայ: Մենք Միացեալ Նահանգներու հետ ռազմավարական գործընկերներ ենք: Իբրեւ ռազմավարական...

Թուրքիա Կը Սպառնայ Հակադարձել Հաֆթարի  Ղեկավարած Ուժերուն Կողմէ Լիպիոյ Մէջ  Իր Շահերուն Դէմ Որեւէ Յարձակումի

Թուրքիա Կը Սպառնայ Հակադարձել Հաֆթարի Ղեկավարած Ուժերուն Կողմէ Լիպիոյ Մէջ Իր Շահերուն Դէմ Որեւէ Յարձակումի

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի հակադարձէ զօր. Հաֆթարի ուժերուն կողմէ իր շահերուն դէմ որեւէ յարձակումի: Աքար «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Որեւէ յարձակողական կեցուածք կամ յարձակում շատ սուղ պիտի արժէ: Ամէնէն ազդու եւ ուժեղ ճամբով պիտի հակադարձենք»: Լիպիական ազգային բանակի բանբերը զօր. Հաֆթարի ուժերուն մայրաքաղաք Թրիփոլիէն 100 քիլոմեթր հարաւ գտնուող Ղարիան քաղաքին մէջ կրած պարտութենէն...

Խարթումի Մէջ Իշխանութիւնը  Քաղաքայիններու Յանձնելու  Պահանջով Մեծ Քայլարշաւ

Խարթումի Մէջ Իշխանութիւնը Քաղաքայիններու Յանձնելու Պահանջով Մեծ Քայլարշաւ

«Սուտանի բժիշկներու յանձնախումբ»-ը յայտարարեց, թէ Աթրապայի մէջ ցուցարար մը կուրծքէն փամփուշտ մը ստանալով սպաննուած է, եւ սուտանեան ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ օգտագործած է` ցրուելու համար Սուտանի մայրաքաղաք Խարթումի մէջ երէկ տեղի ունեցած քայլարշաւին մասնակից միլիոնաւոր ցուցարարները: Մինչ ընդդիմադիր «Ազատութեան ու փոփոխութեան հռչակագիր»-ի ուժերը ցուցարարներուն կոչ ուղղեցին համախմբուելու, սուտանեան ապահովական ուժերու մեծաթիւ ներկայութիւնը նկատուեցաւ ապրիլին նախկին նախագահ Օմար Պաշիրի տապալումէն ի վեր...

Խօսելով Ռուս-Ամերիկեան Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Մասին.  «Առաջին Անգամ Ըլլալով Լսեցինք Թրամփի  Այդ Առնչութեամբ Փափաքին Մասին»  Կ՛ըսէ Փեսքով

Խօսելով Ռուս-Ամերիկեան Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Մասին. «Առաջին Անգամ Ըլլալով Լսեցինք Թրամփի Այդ Առնչութեամբ Փափաքին Մասին» Կ՛ըսէ Փեսքով

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ճափոնի Օսաքա քաղաքին մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով խօսած է Ռուսիոյ հետ կառուցողական երկխօսութիւնը աշխուժացնելու իր մտադրութեան մասին: «Թրամփ շարունակ կը խօսէր երկխօսութիւնը աշխուժացնելու իր մտադրութեան մասին, իսկ Փութին շատոնց կը խօսէր յարաբերութիւններու բնականոնացման ու զարգացման ուղիով ընթանալու իր փափաքին մասին:...

«Ուաշինկթընի Կողմէ Զարիֆի Դէմ  Պատժամիջոցներու  Հաստատումը Պիտի Փակէ Մեր Միջեւ Գոյութիւն  Ունեցող Դիւանագիտութեան Ուղին»  Կ՛ըսէ Ամիրի

«Ուաշինկթընի Կողմէ Զարիֆի Դէմ Պատժամիջոցներու Հաստատումը Պիտի Փակէ Մեր Միջեւ Գոյութիւն Ունեցող Դիւանագիտութեան Ուղին» Կ՛ըսէ Ամիրի

Իրանի խորհրդարանական հարցերով փոխնախագահ Հուսէյն Ալի Ամիրի յայտնեց, որ Իրան վճռակամ է իր դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցներու հետեւանքները նուազեցնելու ամէն ջանք թափելու: Ան քննադատեց Միացեալ Նահանգներու` Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի եւ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու ուղղուածութիւնը: «Իսլամական հանրապետութեան մէջ դիւանագիտութեան թիւ մէկ մարդուն դէմ սպասուող ամերիկեան պատժամիջոցի որոշումը ամերիկեան վարչակազմին Իրանի հետ բանակցութեան...

«Կ՛ողջունենք Շրջանին Մէջ Լարուածութեան  Մեղմացման Ջանքերը Եւ Պատրաստ Ենք Մերձակայ  Երկիրներուն Հետ Երկխօսութեան»  Կ՛ըսէ Թեհրան

«Կ՛ողջունենք Շրջանին Մէջ Լարուածութեան Մեղմացման Ջանքերը Եւ Պատրաստ Ենք Մերձակայ Երկիրներուն Հետ Երկխօսութեան» Կ՛ըսէ Թեհրան

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Կ՛ողջունենք շրջանին մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու բոլոր ջանքերը, ինչպէս նաեւ մերձակայ երկիրներու հետ երկխօսութիւնը, որուն պատրաստ ենք»: «Մեր ելեկտրոնային պաշտպանութեան կարողութիւնները շատ մեծ են, եւ ամերիկեան յարձակումները որեւէ ազդեցութիւն պիտի չունենան», նշեց նախարարութիւնը: «Այն, ինչ որ եւրոպացիները կը պահանջեն, ինչպէս` հիւլէական համաձայնութենէն դուրս չգալն ու մեր յանձնառութիւնները չսահմանափակելը, անընդունելի են: Ոչ ոք կրնայ...

Թրամփ Աճապարուած Չէ

Թրամփ Աճապարուած Չէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ճափոնի վարչապետ Շինզօ Ապէի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը Իրանի հետ տագնապը լուծելու աճապարուած չէ` յոյս յայտնելով, որ կարելի պիտի ըլլայ այդ առնչութեամբ դրական լուծումի հասնիլ: «Տակաւին բաւարար ժամանակ ունինք: Աճապարուած չենք: Կամաց-կամաց լուծումի կը հասնինք: Բացարձակապէս որեւէ ճնշում չկայ», ըսաւ ան: «Կը յուսանք աւարտին այդ մէկը իրագործել, այսինքն` դրական լուծումի հասնիլ:...

Օսաքայի Մէջ Փութին-Թրամփ Հանդիպում

Օսաքայի Մէջ Փութին-Թրամփ Հանդիպում

Երէկ Ճափոնի Օսաքա քաղաքին մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հանդիպումը, որ եղաւ դէմ առ դէմ: Անոր մասնակցեցան նաեւ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններէն ներկայացուցիչներ: Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ երկու ղեկավարները իրենց մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկած են Իրանի, Սուրիոյ, Վենեզուելայի եւ Ուքրանիոյ, ինչպէս նաեւ սպառազինութեան վերահսկողութեան ու...

Ցուցարարներ Ներխուժեցին Պաղտատի Մէջ  Պահրէյնի Դեսպանատուն

Ցուցարարներ Ներխուժեցին Պաղտատի Մէջ Պահրէյնի Դեսպանատուն

Պահրէյնի կողմէ «Դարու գործարք»-ին առնչուած տնտեսական աշխատանոցի հիւրընկալումէն զայրացած ցուցարարներ երէկ Պաղեստինի դրօշներով ներխուժեցին Պաղտատի մէջ Պահրէյնի դեսպանատուն: Ցուցարարները նախ հաւաքուեցան դեսպանատան առջեւ, ապա անվտանգութեան պատնէշը անցնելով մուտք գործեցին դեսպանատան շէնք: Իրաքեան ապահովական ուժ մը ներխուժումէն ետք պաշտպանած է դեսպանատունը: Իրաքի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ ձերբակալուած են տասնեակներով ցուցարարներ: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, անոնց թիւը 25 է: Իրաքեան կառավարութիւնը...

Ծերակոյտը Հաւանութիւն Տուաւ Սաթըրֆիլտի`  Իբրեւ Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ  Նահանգներու Նոր Դեսպանի Թեկնածութեան

Ծերակոյտը Հաւանութիւն Տուաւ Սաթըրֆիլտի` Իբրեւ Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Նոր Դեսպանի Թեկնածութեան

Միացեալ Նահանգներուն կողմէ մէկ տարի առաջ իբրեւ Թուրքիոյ դեսպան նշանակուած Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի թեկնածութիւնը արժանացած է Ծերակոյտի հաւանութեան: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը: Ներկայիս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական Սաթըրֆիլտ կը սպասէր Ծերակոյտի հաստատման, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ անոր թեկնածութիւնը առաջադրած էր 16 փետրուարէն ի վեր: Թրամփի վարչակազմը Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին...

Հակառակ Նախագահ Թրամփի Դժկամութեան.  Ամերիկեան Խորհրդարանը Որոշեց  Պատժամիջոցներ Տնօրինել Իրանի,  Ռուսիոյ Եւ Հիւսիսային Քորէայի Դէմ

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Ընդունեց 750 Միլիառ Տոլարով Պաշտպանութեան Պիւտճէի Նախագիծը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը ընդունեց 750 միլիառ տոլարով 2020-ի ելեւմտական տարուան պաշտպանական պիւտճէի նախագիծը, որուն թեր քուէարկեցին 86 ծերակուտականներ, իսկ դէմ` 8 ծերակուտականներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը: Օրինագիծը պաշտպանութեան ընդհանուր ծախսերը կը նախատեսէ 750 միլիառ տոլարի չափով, 642,5 միլիառ տոլարի չափով հիմնական պիւտճէ Փենթակոնի համար եւ 23,3 միլիառ տոլար` ուժանիւթի նախարարութեան ազգային անվտանգութեան ծրագիրներուն համար: Նաեւ նախատեսուած է...

Մաքրոն Կ՛ուզէ «Վաճառել» Ֆրանսայի  Օդակայանները, Ընդդիմութիւնը  Կը Պահանջէ Այս Հարցով Հանրաքուէ Կատարել

Մաքրոն Կ՛ուզէ «Վաճառել» Ֆրանսայի Օդակայանները, Ընդդիմութիւնը Կը Պահանջէ Այս Հարցով Հանրաքուէ Կատարել

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն մտադիր է վաճառել երկրին օդակայանները, սակայն ընդդիմութիւնը վերջին տասնամեակի ընթացքին Ֆրանսայի մէջ սեփականաշնորհումներու մեծագոյն գործողութեան դէմ է եւ կը պահանջէ այս հարցով հանրաքուէ կատարել: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Կարտիըն»-ը: Մաքրոն, մասնաւորաբար, կ՛ուզէ վաճառել երկրի մեծագոյն երկու օդակայաններուն` պետութեան պատկանող բաժնետոմսերը: Բացի ատկէ, նախագահը մտադիր է վաճառել տնտեսական նշանակութիւն ունցող այլ ենթակառոյցներու մէջ պետութեան պատկանող բաժնետոմսերը:...

Ուքրանիոյ Կողքին Վեց Այլ Երկիրներ Որոշած Են  Ռուսիոյ Պատճառով Լքել Եխխվ-ն

Ուքրանիոյ Կողքին Վեց Այլ Երկիրներ Որոշած Են Ռուսիոյ Պատճառով Լքել Եխխվ-ն

Էսթոնիոյ, Վրաստանի, Լաթվիոյ, Լիթուանիոյ, Լեհաստանի եւ Սլովաքիոյ պատուիրակութիւնները, հետեւելով Ուքրանիոյ օրինակին, որոշած են լքել Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նիստը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարութիւնը հրապարակած է ուքրանական պատուիրակութեան ղեկավար Վլատիմիր Արեւ: Երկիրները այդ որոշումը տուած են, երբ ԵԽԽՎ-ն որդեգրած է ռուսական պատուիրակութեան լիազօրութիւնները ամբողջութեամբ վերականգնելու մասին բանաձեւ մը: «Մենք տուն կը վերադառնանք, որպէսզի վեհաժողովի յաջորդ նիստերու միացեալ...

Թունուզի Մայրաքաղաքին Մէջ  Անձնասպանական Երկու Գործողութիւններ

Թունուզի Մայրաքաղաքին Մէջ Անձնասպանական Երկու Գործողութիւններ

Թունուզի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ապահովական մարմիններու անդամ մը զոհուած է եւ 9 ուրիշներ վիրաւորուած են, երբ Թունուզի մայրաքաղաքի Հապիպ Պուրքեպա թաղամասին մէջ անձնասպանական գործողութիւն մը տեղի ունեցած է: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ երկրորդ պայթում մը տեղի ունեցած է մայրաքաղաքին մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի կեդրոնատեղիի կառատան մէջ: Պայթումներէն ետք, Թունուզի մայրաքաղաքի հիւանդանոցներուն մէջ յայտարարուեցաւ արտակարգ իրավիճակ: Հապիպ...

Page 521 of 884 1 … 520 521 522 … 884

Արխիւներ