Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց. «Էֆ-35» հալածիչներու ծրագիրին Թուրքիոյ մասնակցութեան վերաբերեալ ամերիկեան քայլերը օրէնքին համահունչ չեն»:
«Ռուսիոյ հետ կնքուած «Էս-400» համակարգերու գործարքը հասաւ յանձնումի ժամկէտին մասին խօսակցութեան, եւ Թուրքիան անկախ երկիր է», ըսաւ ան:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը, խօսելով Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու ամերիկեան զգուշացումներուն մասին, շեշտեց. «Պատժամիջոցներու որոշումը ինչ որ ալ ըլլայ, մենք «Էս-400» համակարգը գնած ենք, եւ չենք կրնար զանոնք ստանձնելէ ետդարձ կատարել»: