Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս Պահրէյնի Մէջ Ընթացք Առնող Խորհրդաժողովին Ձախողութիւնը Կը Նախատեսէ

June 25, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան իշխանութեան նախարար Մահմուտ Ապպաս յայտարարեց, թէ 25-26 յունիսին Պահրէյնի մայրաքաղաք Մանամայի մէջ տեղի ունեցող եւ Պաղեստինի նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովը դատապարտուած է ձախողութեան: «Էրեմ Նիուզ» կայքը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտնած է Ռամալլայի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

«Պահրէյնի խորհրդաժողովը յաջող պիտի չըլլայ եւ ոչ մէկ արդիւնքի պիտի յանգի, որովհետեւ անիկա սկիզբէն կառուցուած է սուտի վրայ», ըսած է Ապպաս:

Սպիտակ տունը 22 յունիսին հրապարակեց միջինարեւելեան տագնապի լուծման ծրագիրի տնտեսական մասը, որ կը նախատեսէ մասնաւորաբար Պաղեստինի եւ դրացի երկիրներուն միջեւ 50 միլիառ տոլարի ներդրումներ:

10 տարուան ընթացքին այդ գումարին կէսը պիտի տրամադրուի Պաղեստինին` ենթակառոյցներու, արդիւնաբերութեան, բժշկութեան եւ կրթութեան բնագաւառին մէջ հարիւրէ աւելի ծրագիրներու իրականացման համար, մնացեալ գումարը կը ծրագրուի ներդրել Եգիպտոսի, Յորդանանի եւ Լիբանանի տնտեսութիւններուն մէջ:

Պաղեստինի վարչակազմը մերժած է մասնակցիլ «Խաղաղութիւն յանուն բարգաւաճման» կարգախօսին տակ տեղի ունեցող խորհրդաժողովին:

Պաղեստինեան իշխանութեան վարչապետ Մոհամետ Աշթիէ երէկ իր կարգին Մանամայի տնտեսական խորհրդաժողովը նկատեց թոյլ եւ ամուլ:

«Մեր բացակայութեան խորհրդաժողովի օրինականութիւնը կը չքանայ: Պաղեստինեան դատի լուծումը քաղաքական է` բռնագրաւումին աւարտն է եւ մեր հարստութեան վրայ մեր վերահսկողութեան հաստատումը: Պիտի կարենանք մեր անկախ տնտեսութիւնը կառուցել, երբ այդ բռնագրաւումը վերջ գտնէ, եւ ան, որ պաղեստինցի ժողովուրդի բարգաւաճումը կ՛ուզէ, թող Իսրայէլէն պահանջէ վերջ տալ հողի, մեր դրամներու եւ կարողականութեան գողութեան, եւ անոր պարտադրէ վերջ տալ բռնագրաւումին, բնակեցումը դադրեցնել եւ Կազայի պաշարումը վերցնել», ըսաւ Պաղեստինի վարչապետը:

 

 

 

 

Նախորդը

«Վրաստանը Արեւմտեան Աշխարհաքաղաքական Ճարտարապետութեան Հետեւանքներու Զոհը Դարձած Է» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

«Ամերիկեան Պատժամիջոցները Ինչ Որ Ալ Ըլլան, Մենք «Էս-400»-ները Գնած Ենք Եւ Չենք Կրնար Անոնց Ստանձնումէն Ետդարձ Կատարել» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.