Վրաստանի խորհրդարանի անդամները իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչ Արչիլ Թալաքուածէն ընտրած են օրէնսդիր մարմինի նոր նախագահ: Ան ընտրուած է 94 թեր եւ ոչ մէկ դէմ քուէով:
«Միասնական ազգային շարժում» ընդդիմադիր կուսակցութեան երեսփոխանները քուէարկութեան չեն մասնակցած: Անոնք նիստերու դահլիճը լքած են խորհրդարանական նիստին սկիզբը` բողոքելով, որ օրակարգին վրայ չէ ներառուած Վրաստանի ներքին գործոց նախարար Կէորկի Կախարիայի հրաժարականի հարցը:
Թալաքուածէ խորհրդարանին մէջ կը վարէր խորհրդարանական մեծամասնութեան ղեկավարի պաշտօնը: Ուրբաթ օր խորհրդարանի նախագահ Իրաքլի Քոպախիծէի հրաժարականէն ետք, անոր թեկնածութիւնը իշխող կուսակցութեան կողմէ կը նկատուէր իբրեւ միակը:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Մոսկուան կասկածներ ունի, որ Ուաշինկթըն կը փորձէ խանգարել Ռուսիոյ եւ Վրաստանի յարաբերութիւններուն սկսուած բնականոնացումը:
«Մենք կասկածներ ունինք, որ այս պարագային ալ մեր ամերիկացի գործընկերները կը փորձեն ամէն ինչ ընել, որպէսզի Ռուսիոյ եւ Վրաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացում չարտօնեն, իսկ այդ բնականոնացումը վերջին տարիներուն կը նկատուէր ամենայն ակներեւութեամբ», ըսաւ ան:
Լաւրով յայտարարեց, որ Մոսկուան երբեք չէ դադրեցուցած Թիֆլիսի հետ քաղաքական հաղորդակցութիւնները եւ օգտակար կը նկատէ երկխօսութեան գոյութիւն ունեցող ձեւաչափերը: