Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով մեկնաբանած է Վրաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Ըստ անոր, Վրաստան արեւմտեան աշխարհաքաղաքական ճարտարապետութեան հետեւանքներու զոհը դարձած է:
«Ինչի՞ կրնայ յանգեցնել արտասահմանէն խորհուրդներուն եւ յուշումներուն կուրօրէն հետեւիլը` վառ օրինակ է մեր դրացի Ուքրանիոյ տխուր փորձառութիւնը: Հսկայական ներուժ ունեցող երկիրը Փորոշենքոյի օրերուն միջազգային օգնութիւն հայցողի մակարդակին հասած էր, զրկուած է արդիւնաբերական ենթահողէն, մինչեւ օրս կը տառապի աշխատունակ բնակչութեան հսկայական արտահոսքէն, ալ չեմ խօսիր ներքին տագնապի եւ հոգեւոր ու քաղաքակրթական առումներով հասարակութեան պառակտման մասին», ըսած է Լաւրով` Ռուսիոյ շրջանային ոչ առեւտրական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հետ հանդիպումի ընթացքին:
Ըստ անոր, արեւմտեան աշխարհաքաղաքական ճարտարապետութեան հետեւանքներու եւս մէկ օրինակ մըն է Վրաստանը, «ուր Արեւմուտքի ղեկավարները պատրաստ են աչք փակելու ծայրայեղ ազգայնականներու անկարգութիւններու, ռուսատեացութեան վրայ, միայն թէ Վրաստանի ժողովուրդին` մեր պետութեան հետ կապերը խզուին, ջնջեն մեր հասարակաց պատմութիւնը»:
«Ուստի մենք սթափ կերպով կը գնահատենք միջազգային ասպարէզին մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ անոր մերձաւոր դաշնակիցներու դերը, սակայն միեւնոյն ժամանակ չենք մեկուսանար եւ պատրաստ ենք երկխօսութիւն կատարելու այն հարցերուն շուրջ, որոնք մարդկութեան սպառնացող բոլոր վտանգները չէզոքացնելու համար միասնաբար փոխշահաւէտօրէն աշխատելու հնարաւորութիւններ կ՛ընձեռեն», աւելցուցած է ան:
Նշենք, որ Վրաստանի մէջ երէկ երեկոյեան դարձեալ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց: Մինչ այդ, ցոյցի մասնակիցները ժամը 14:00-ին ինքնաշարժներով երթ կատարեցին Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան շէնքին մօտ: