Ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այս շաբաթ Ճափոնի մէջ գումարուելիք Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ շարք մը ղեկավարներու հետ:
Հանդիպումներու շարքը կը ներառէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի, Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալմանի, Հնդկաստանի վարչապետ Նարինտրա Մոտիի, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, ինչպէս նաեւ Ճափոնի վարչապետ Շինզօ Ապէի եւ Աւստրալիոյ վարչապետ Սքոթ Մորիսընի հետ տեսակցութիւններ:
Քրեմլին իր կարգին յայտարարեց, որ Փութին նոյն առիթով հանդիպում պիտի ունենայ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին հետ: